Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեանը Պէտք է Զգուշօրէն Արտայայտուի Նման Հարցերու Շուրջ. Ռուս Քաղաքագէտը՝

Նիկոլ Փաշինեանը Պէտք է Զգուշօրէն Արտայայտուի Նման Հարցերու Շուրջ. Ռուս Քաղաքագէտը՝

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետը պէտք է զգուշօրէն արտայայտուի Հայաստանի մէջ հակառուսական տրամադրութիւններ բորբոքող իրադարձութիւններու վերաբերեալ: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կովկասի երկիրներու հարցերով ռուս փորձագէտ Սթանիսլաւ Թարասովը՝ խօսելով 102-րդ ռուսական ռազմակայանի զինծառայողներու կողմէն Փանիկ գիւղին մէկ իրականացուցած զօրավարժութիւններու վերաբերեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի արձագանգի մասին, որ սա սադրանք է՝ ընդդէմ հայ-ռուսական բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ սադրանք՝ ընդդէմ Հայաստանի ինքնիշխանութեան:

Սթանիսլաւ Թարասովն ըսած է, որ տեղի ունեցածը ցաւալի է, բայց որպէս կանոն՝ Հայաստանի իշխանութիւնները ռուսական 102-րդ ռազմակայանի նման գործողութիւններու մասին տեղեկացուած կ’ըլլան:

«Պէտք է պարզել, թէ ինչու այն տեղի ունեցած է, որպէսզի պարզուի, թէ ով է մեղաւոր, ով՝ ոչ: Ես իհարկէ չեմ կասկածիր ո՛չ Հայաստանի իշխանութիւններու, ո՛չ ալ ռազմակայանի պաշտօնական ներկայացուցիչներու բացատրութիւններուն, բայց ուսումնասիրութիւն ամէն պարագայի պէտք է ընել»,- ըսած է քաղաքագէտը:

Ան նշած է, որ իր համար մտահոգիչ է, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ որոշ մարդիկ արհեստականօրէն սեպեր կը խրեն:

«Ուզէք թէ չուզէք, ռուսական ռազմակայանի առկայութիւնը Հայաստանի մէջ կ’երաշխաւորէ ՀՀ անվտանգութիւնը, եւ ես կ’ուզեմ հարց ուղղել այն հայերուն, որոնք դէմ կ’արտայայտուին Հայաստանի մէջ ռուսական ներկայացուածութեան՝ դուք որո՞ւն կը սպասէք` թուրքերո՞ւն, թէ ատրպէյճանցիներուն, թէ՞ կը մտածէք, որ ԱՄՆ-ն պիտի գայ ու ներկայացուածութիւն ապահովէ: Ենթադրենք, ռուսերը գացին, յետոյ, ի՞նչ պիտի ըլլայ, կը պատկերացնե՞ն անոնք»,- նշած է Ս. Թարասովը:

Քաղաքագէտի խօսքով` որոշ ուժեր կը բորբոքեն հակառուսական տրամադրութիւններ եւ Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է զգուշօրէն արտայայտուի նման հարցերու շուրջ, ընտրէ ձեւակերպումները: «Ըսել, որ սադրանք է… Ան հնարաւորութիւն ունի ռուսական բարձր իշխանութիւններու հետ պարզել իրավիճակը նման յայտարարութիւններէն առաջ, պարզաբանումներ ստանալ, յետոյ այդ մէկը որակել  սադրանք: Սա անհասկնալի յայտարարութիւն է»,- շեշտած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment