Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մարտի 1-ի Գործով Առնչութիւն Ունեցող Վահագն Յարութիւնեան Ազատուած է Քննչական Կոմիտէի Նախագահի Տեղակալ Պաշտօնէն

Մարտի 1-ի Գործով Առնչութիւն Ունեցող Վահագն Յարութիւնեան Ազատուած է Քննչական Կոմիտէի Նախագահի Տեղակալ Պաշտօնէն

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Յուլիս 17-ի որոշմամբ Վահագն Յարութիւնեանն ազատուած է Հայաստանի քննչական կոմիտէի նախագահի տեղակալի եւ յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութեան պետի պաշտօնէն՝ իր դիմումի համաձայն։

Այս պաշտօնին Յարութիւնեանը նշանակուած էր 2014 թուականի սեպտեմբերին, աւելի վաղ երեք տարի ղեկավարած էր 2008 թուականի Մարտի 1-2-ի իրադարձութիւններու գործով քննչական խումբը: 2015-ի Սեպտեմբերին անոր շնորհուած է արդարադատութեան զօրավար-հազարապետի (կեներալ-մայոր) կոչում:

Յարութիւնեանը հանրութեան յայտնի դարձած է Մարտի 1-ի գործի քննութեան ժամանակ։ Տարիներ շարունակ քննելով գործը՝ անորմէ դժգոհութիւն կը յայտնէին թէ՛ Մարտի 1-ի զոհերու հարազատները, թէ՛ 2008-ի մարտեան իրադարձութիւններու ժամանակ քաղաքացիներու բողոքի ցոյցերն առաջնորդող ընդդիմադիր Հայ Ազգային Քոնկրէսը:

Մարտ 1-ի գործով փաստահաւաք խումբի նախկին անդամ Անդրանիկ Քոչարեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ կարծիք յայտնած է, որ Յարութիւնեանի ազատումը նաեւ առնչութիւն ունի Մարտի 1-ի գործին հետ․ – «Ես կարծում եմ, որ Հայաստանում փոփոխութիւններ են տեղի ունեցել, եւ Վահագն Յարութիւնեանը չէր կարող մնալ իր զբաղեցրած պաշտօնում: Դա Մարտի 1-ի հետ էլ ա կապուած․ պաշտօնավարման ընթացքում, որպէս քննչական խմբի ղեկավար թոյլ տուած սխալների հետ: Այսինքն, ինքը էսպէս թէ էնպէս պէտք է էդ պաշտօնից ազատուէր: Պարզապէս հիմա իրականացւում են ոչ թէ  իմիտացիոն, այլ ռէալ բացայայտումներ, եւ բնականաբար այդ բացայայտումները ենթադրում են, որ բոլոր գործ սարքողները կամ գործ կոծկողները պէտք է ենթարկուեն պատասխանատուութեան: Իհարկէ, իր հրաժարականը դեռ պատասխանատուութեան խնդիր չէ: Ինքը պարզապէս կա՛մ գիտակցել է, կա՛մ իրեն հասկացրել են, որ այլեւս ցանկալի չէ, որ ինքը գտնուի այդ պաշտօնում»:

Տասը տարի առաջ Երեւանի կենդրոնին մէջ տեղի ունեցած արիւնալի իրադարձութիւններէն ետք նախագահի հրամանով ձեւաւորուած փաստահաւաք խումբի ընդդիմադիր անդամ Անդրանիկ Քոչարեանի համոզմամբ՝ Վահագն Յարութիւնեանը պէտք է կանչուի Յատուկ քննչական ծառայութիւն՝ հարցաքննութեան, քանի որ, ըլլալով քննչական խումբի նախկին ղեկավար, տիրապետած է շատ մեծ տեղեկատուութեան․ – «Յատկապէս այն առումով, թէ ովքեր էին իրեն ստիպում, որպէսզի ինքը իրականացնէր թէ՛ կոծկման գործընթացներ, թէ՛ քրէական գործի շրջանակում էնպիսի մեղադրանքներ ներկայացնէր մարդկանց, որոնք այդպիսի որեւէ մեղք չէին գործել: Համոզուած եմ, որ նախաքննական մարմինը անպայման իրեն հարցեր կ’ուղղի եւ դա կը ներառի քրէական գործի շրջանակներում բացայայտումների մէջ»:

Հարցին, թէ արդեօք Վահագն Յարութիւնեանը Մարտի 1-ի գործը չբացայայտելու համար պէտք է կրէ քրէական պատասխանատուութիւն, Անդրանիկ Քոչարեանը պատասխանած է․ – «Բոլորը պէտք է կրեն պատասխանատուութիւն, եթէ կատարել են ապօրինի գործողութիւններ: Կարեւոր չի՝ դա արել է ցուցարարը, թէ գործ սարքող քննիչը: Մարտի 1-ի ամբողջական բացայայտումը ես պատկերացնում եմ էդպէս։ Բոլոր հրաման տուողները, որոնց ապօրինի հրամանների արդիւնքում մեր քաղաքացիները մահացան, տասնեակ քաղաքացիներ ենթարկուեցին հետապնդման եւ յայտնուեցին մեկուսարաններում: Պատասխանատուութեան պէտք է ենթարկուեն բոլորը, ում ապօրինի գործողութիւնների արդիւնքում տեղի ունեցաւ Մարտի 1-ը»:

Մարտի 1-ի գործի քննչական խումբի նախկին ղեկավար Վահագն Յարութիւնեանն անցած տարիներուն լրագրողներուն հետ հանդիպումներու ժամանակ յայտարարած էր, թէ գործի քննութիւնը թերի չի կատարուիր: Միեւնոյն ժամանակ ըսած էր, թէ իրեն եւս չի բաւարարեր գործի քննութիւնը․ – «Չի կարող բաւարարել էնքանով, քանի դեռ արդիւնք ասուածը որպէս այդպիսին, տասը անձանց մահուան հանգամանքների բացայայտումը եւ այլ յանցագործութիւնների դէպքերի բացայայտումը վերջնական չէ: Բայց դա չի նշանակում, որ քրէական գործի նախաքննութիւնը կատարուի թերի, ոչ լիարժէք կամ միակողմանի»:

Յարութիւնեանը շարք մը ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրած էր գործը քննելու երեք տարիներու ընթացքին։ Նախ յայտարարած էր, թէ ընդդիմադիրները ուղղակի պարտաւոր էին կանխատեսել [սպանութիւններու հաւանականութիւնը] եւ թոյլ չտալ, յետոյ ալ յայտարարած էր, թէ հաստատուած է, որ ոստիկանութեան սպայ Համլեթ Թադեւոսեանը եւ ոստիկանութեան զօրքերու զինծառայող Տիգրան Աբգարեանը սպաննուած են զանգուածային անկարգութիւններու մասնակիցներու գործողութիւններու հետեւանքով:

Յարութիւնեանը նաեւ նշած էր, թէ զոհերէն մէկը, որ մահացած էր բութ առարկայէն ստացուած գանկուղեղային վնասուածքէն, նոյնպէս կրնայ սպաննուած ըլլալ զանգուածային անկարգութեան մասնակիցներու գործողութիւններուն արդիւնքով։

Ան նաեւ յայտարարած էր, թէ 2008-ի մարտի 1-ին ոստիկանութեան զօրքերու կազմին մէջ եղած դիպուկահարը մէկ կրակոց արձակած է, եւ այդ կրակոցով կանխած է երկրորդ կրակոցը զինուորներու շարքերու ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment