Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լոս Անճելըսը Պէտք Ունի Դիւանագէտ Հիւպատոսի

Լոս Անճելըսը Պէտք Ունի Դիւանագէտ Հիւպատոսի

by MassisPost

Չորս տարիներ առաջ Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսի պաշտօնին նշանակուեցաւ Ռուսաստանի  մեծահարուստ Հայերէն՝ Սերկէյ Սարգիսով, որ այս ընթացքին «փայլեցաւ» համայնքային կեանքէն իր ամբողջական  բացակայութեամբ: Աւելին, ան ամիսներ շարունակ չէ այցելած հիւպատոսարան, ներկայ չէ եղած իր իսկ հրաւիրած ընդունելութիւններուն: Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն ան, զբաղած է իր անձնական գործերով:

Հայաստանի մէջ իրավիճակի փոփոխութեան լոյսին տակ, այս հարցի լուծումը դարձած է հրատապ:

Անկախութեան 25 տարիներու ընթացքին Հայաստանի Արտաքին  Գործոց նախարարութիւնը կարելի է համարել ամենէն աւելի կայացած  գերատեսչութիւնը, ուր  կ՛աշխատին   երկար տարիներու դիւանագիտական   փորձ ունեցող  քատրային դիւանագէտներ: Նախկին  իշխանութիւններու օրօք,  միշտ  չէ որ, ճիշդ ընտրութիւն կատարուած է  արտասահմանեան ներկայացուցչութիւններէն ներս առաջին  դէմքերու նշանակման հարցով,  մասնաւորապէս շարք մը եւրոպական երկիրներու,  Ռուսաստանի եւ մասնաւորաբար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ:

Անցեալին Հայաստանի ընդդիմադրութիւնը միշտ ալ քննադատած էր  նախկին իշխանութիւններուն՝ քաղաքական եւ կամ  նիւթական նպատակներով դեսպաններ եւ գլխաւոր հիւպատոսներ նշանակելու մէջ:

Հայաստանեան մամուլին մէջ լոյս  տեսած որոշ տեղեկութիւններու համաձայն,  Կլէնտէլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան կը ձգտի Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսի պաշտօնին եւ  այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը տանի՝   իշխանութիւններուն մօտ: Յուսանք  այս լուրերը  իրականութեան չեն համապատասխանէր, այլապէս նոյն սխալը  գործած պիտի ըլլան նոր իշխանութիւնները:

Պր. Սինանեանի նշանակումը միանշանակ  չի կրնար ընդունուիլ համայնքին  կողմէ, նկատի ունենալով որ ան իր քաղաքական գործունէութեան ընթացքին հաւասար հեռաւորութեան վրայ չէ գտնուած՝ համայնքի տարբեր կազմակերպութիւններուն  եւ խմբաւորումներուն հետ:

Լոս Անճելըսը սփիւռքի ամենէն բազմամարդ հայկական համայնքն է, իսկ հիւպատոսարանը՝ «Հայոց Տունը», ուր բոլորը հանգիստ մուտք եւ ելք պէտք է ունենան:

Հետեւաբար, Լոս Անճելըսը պէտք  ունի քատրային դիւանագէտ գլխաւոր հիւպատոսի:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment