Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ոստիկանութիւնը Կ’ուսումնասիրէ Վայոց Ձորի Մէջ Վեհափառի Հետ Տեղի Ունեցածը Միջադէպը

Ոստիկանութիւնը Կ’ուսումնասիրէ Վայոց Ձորի Մէջ Վեհափառի Հետ Տեղի Ունեցածը Միջադէպը

by MassisPost

Ոստիկանութիւնը կ’ուսումնասիրէ Վայոց ձորի մարզի մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի դէմ իրականացուած բողոքի ցոյցի ժամանակ տեղի ունեցած միջադէպը:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տէր Վահրամ քահանայ Մելիքեանը շաբաթ օր տեղեկացուցած էր, որ «Նոր Հայաստան, նոր Հայրապետ» շարժման աքթիւիսթները շրջափակած են Գնդեվանք ուխտի մեկնած Ամենայն Հայոց Գարեգին երկրորդ կաթողիկոսի մեքենան։ «Գնդեվանքից վերադարձի ճանապարհը փակ է մեքենաներով եւ քարերով, նախաձեռնութեան անդամները սպառնալիքներ են հնչեցնում», – իր ֆէսյպուքեան էջին գրած էր Տէր Վահրամը:

Ֆէյսպուքի մէջ տարածուած նիւթերուն մէջ կ’երեւի, թէ ինչպէս ոստիկանները կը փորձեն Վեհափառին դուրս բերել շրջափակումէն, պահ մը անոր շրջափակողներէն մէկը նոյնիսկ կը քաշէ անոր զգեստէն: Ուշագրաւ է, որ այդ պահուն ներկայ գնդապետը, որ այնտեղ էր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի անվտանգութիւնն ապահովելու համար, հեռախօսով կը խօսէր:

Տեղի ունեցածի կապակցութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ֆէյսպուքի օգտատէրերու հարցերուն պատասխանելու ժամանակ նշած է, որ ոստիկանութեան յանձնարարած է շատ ուշադիր հետեւիլ վերջին միջադէպին, որ տեղի ունեցած է Վայոց ձորի մարզին մէջ, երբ խոչընդոտած էին Գարեգին Բ-ի տեղաշարժը, շատ ուշադիր գնահատել, եթէ բողոքներու գործողութիւնները գիծերն անցեր են, ապա պէտք է յստակ արձագանգ ստանան անոնք:

«Կառավարութիւնը ներեկեղեցական հարցերի չպիտի միջամտի»,-ըսած է ան ու բացատրած, թէ ինչու կը գտնէ, որ այս խնդիրը ներեկեղեցական է: Ան նշած է, որ կաթողիկոսը պաշտպանող քանի մը հոգեւորականներու ելոյթներ լսած է, անոնք իբր թէ կ’աջակցին Գարեգին Բ-ին, սակայն անոնց լսելով ապշած է, «Քանի որ նրանց յայտարարութիւններից խելացի մարդը կը հասկանայ, որ անում են՝ կրակի վրայ իւղ լցնելով: Ինձ այս ամէնը թոյլ է տալիս եզրակացնել, որ մենք այստեղ ներեկեղեցական խնդիրների հետ գործ ունենք:

Առայժմ այն չի դարձել հանրային հարց, որ կառավարութիւնն ինչ-որ դիրքորոշում արտայայտելու կարիք ունենայ, բայց օրէնքի պաշտպանութեան հարցում կառավարութիւնն իր գործը պիտի անի, ոստիկանութիւնն իր անելիքը պիտի անի, որպէսզի մենք չունենանք իրավիճակներ, որոնք Հայաստանում հաստատուած սիրոյ եւ համերաշխութեան մթնոլորտը, այն էլ եկեղեցու հետ կապուած մարդկանց կողմից խաթարեն:

Կոչ եմ անում հայ առաքելական եկեղեցու հոգեւոր դասին հաւաքուել եւ քննարկել առաջացած խնդիրները»,-ըսած է վարչապետը: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Վայոց ձորի գործողութիւններուն հետեւած է: «Անկեղծ ասած՝ ոստիկանութեան գործողութիւններից այդքան էլ գոհ չեմ, թէ նրանք ինչ վիճակում էին, ինչ գործողութիւն էինք իրականացնում»,-նշած է Փաշինեանը:

Ան կրկին կոչ ըրած է հոգեւորականներուն հաւաքուիլ, հակառակ պարագային, ինչպէս նշած է ան, եթէ այդպէս շարունակուի, ստիպուած կ’ըլլան աւելի մանրամասն զննել իրավիճակը: «Եւ մենք մի իքս պահի ստիպուած կը լինենք այդ հարցերին շատ կոնկրետ լուծումներով պատասխան տալ, բայց չեմ կարծում, որ հիմա այդպիսի իրավիճակ է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment