Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արարատ Միրզոյեան․ Ընտրական Օրէնսգրքի Բարեփոխման Մէկ Նախագիծ Պէտք է Ունենանք

Արարատ Միրզոյեան․ Ընտրական Օրէնսգրքի Բարեփոխման Մէկ Նախագիծ Պէտք է Ունենանք

by MassisPost

Առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեանի փոխանցմամբ, Կառավարութեան համար ցանկալի է խորհրդարանի հետ ունենալ Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու մէկ միասնական նախագիծ:

«Իտէալական տարբերակում, այո, պէտք է ունենանք մէկ նախագիծ՝ բոլորիս հետ համաձայնեցրած, բոլորիս սրտով, որի առանձին կէտերի շուրջ, ինչ խօսք, կարող են առանձին ուժեր վերապահումներ ունենալ», – ըսած է Միրզոեանը, որ երէկ առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած էր Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններուն համար Ազգային ժողովէն ներս ստեղծուած աշխատանքային խումբի քննարկման:

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ քաղաքական ուժերը կ’ուզեն բարեփոխել Ընտրական օրէնսգիրքը։ Այդ հարցով ե՛ւ Կառավարութեան մէջ, ե՛ւ խորհրդարանէն ներս ձեւաւորուած են աշխատանքային խումբեր։ Վարչապետին առընթեր մարմինը կը ղեկավարէ Միրզոյեանը։

Երէկ ներկայացնելով Կառավարութեան դիրքորոշումը, ան նշած է, որ իւրաքանչիւր լաւ առաջարկ ընդունելի է, սակայն այս փուլին պէտք է ընտրել երկար ժամանակ չպահանջող նորամուծութիւններ․ – «Չորս տարբեր քաղաքական ուժեր ներկայացուած են խորհրդարանում: Ես մի տեսակ չեմ պատկերացնում, որ հնարաւոր լինի, որ այս չորս քաղաքական տարբեր հայեացքներ ունեցող ուժերը ունեն մի նախագիծ, եւ հնարաւոր չլինի, որ էդ նախագիծը չարտացոլի նաեւ Կառավարութեան դիրքորոշումը: Ի վերջոյ չորս ուժերից երեքը Կառավարութեան քոալիցիայի անդամ են»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment