Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մաքրոնն ու Փաշինեանը Քննարկած են Երկկողմ Յարաբերութիւններ եւ Ղարաբաղեան Հարցը

Մաքրոնն ու Փաշինեանը Քննարկած են Երկկողմ Յարաբերութիւններ եւ Ղարաբաղեան Հարցը

by MassisPost

Պրիւքսէլի մէջ գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:

Վարչապետի պաշտօնական կայքի փոխանցմամբ՝ Փաշինեանը նախ շնորհաւորած է Էմանուէլ Մաքրոնը Ֆրանսայի ազգային հաւաքականի՝ ֆութպոլի Աշխարհի առաջնութեան եզրափակիչ դուրս գալու կապակցութեամբ եւ ֆրանսական խումբին յաջողութիւններ մաղթած է:

Նիկոլ Փաշինեանն ընդգծած է, որ Հայաստանը մեծապէս կը գնահատէ Ֆրանսայի հետ ձեւաւորուած առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւնները՝ հիմնուած երկու ժողովուրդներու աւանդական բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ։

«Մեզ համար մեծ պատիւ է հիւրընկալել Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովը։ Յանձնառու ենք այն ամենաբարձր մակարդակով կազմակերպելուն։ Շնորհակալ ենք Ֆրանսային նախապատրաստական աշխատանքներին ցուցաբերուող աջակցութեան համար»,- ըսած է ՀՀ վարչապետը՝ աւելցնելով, որ գագաթնաժողովի ընթացքին մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձուի նաեւ տնտեսական բաղադրիչին. Կը նախատեսուի իրականացնել ֆրանքոֆոն երկիրներու գործարարներու եւ գործատուներու պիզնես ֆորում եւ այդ ֆորումի արդիւնքով ստեղծել ֆրանքոֆոն երկիրներու գործարարներու ցանց:

Վարչապետը աւելցուցած է, որ Հայաստանի մէջ գործարարութեան համար ստեղծուած են հաւասար պայմաններ եւ համոզմունք յայտնած, որ նոր պայմաններուն մէջ նոր խթան պիտի ստանան նաեւ հայ-ֆրանսական տնտեսական յարաբերութիւնները: Նիկոլ Փաշինեանը համոզմունք յայտնած է, որ Էմանուէլ Մաքրոնի պետական այցը Հայաստան եւ մասնակցութիւնը գագաթնաժողովին այդ կարեւոր միջոցառումն առաւել հնչեղ պիտի դարձնէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ ողջ ֆրանքոֆոն համայնքին համար։

Էմանուէլ Մաքրոնը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը ՀՀ վարչապետի պաշտօնին ընտրուելու կապակցութեամբ եւ կարեւորած Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու խաղաղ, ժողովրդավարական ճանապարհով հանգուցալուծումը: Ֆրանսայի նախագահն ընդգծած է, որ իր երկիրը պատրաստ է շարունակել բարեկամ Հայաստանի հետ սերտ համագործակցութեան ընդլայնմանն ուղղուած ջանքերը՝ տարբեր ոլորտներու մէջ, այդ շարքին՝ առեւտրատնտեսական:

Էմանուէլ Մաքրոնը վստահութիւն յայտնած է, որ Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովը Երեւանի մէջ պիտի  իրականացուի բարձր մակարդակով եւ յոյս յայտնած է, որ Հայաստան կատարելիք այցի ընթացքին հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ առաւել առարկայական քննարկել հայ-ֆրանսական կապերու հետագայ խորացմանն ու ամրապնդմանն ուղղուած հարցերն ու նախագիծերը:

«Զրուցակիցներն անդրադարձ են կատարել նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեանը եւ կարեւորել դրա կարգաւորումը խաղաղ բանակցային գործընթացի միջոցով՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան ձեւաչափի շրջանակում: Նիկոլ Փաշինեանը բարձր է գնահատել համանախագահ երկրների, այդ թուում Ֆրանսայի ջանքերը՝ ուղղուած Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ հանգուցալուծմանը եւ տարածաշրջանում կայունութեան ապահովմանը: Վարչապետն ընդգծել է, որ Հայաստանը հաւատարիմ է Մինսկի խմբի համանախագահների միջնորդութեամբ իրականացուող բանակցային գործընթացին եւ յաւելել, որ հիմնախնդրի կարգաւորման ցանկացած ռազմական փորձ պէտք է դիտարկել որպէս ոտնձգութիւն ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքների դէմ»,- փոխանցած է վարչապետի կայքը։

 

 

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment