Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պրիւքսէլի Մէջ Հանդիպած էն Արտգործ Նախարարներ Մնացականեան եւ Մամետեարով

Պրիւքսէլի Մէջ Հանդիպած էն Արտգործ Նախարարներ Մնացականեան եւ Մամետեարով

by MassisPost

Չորեքշաբթի օր Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ:

Սա երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ առաջին հանդիպումն էր` Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական շարժման արդիւնքով տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն եւ նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ հանդիպման ներկայ եղած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Սթեֆան Վիսկոնթին, Էնտրիւ Շոֆերը եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփշիքը:

Զօհրապ Մնացականեանը շնորհակալութիւն յայտնած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հանդիպումը կազմակերպելու համար եւ ընդգծած անոնց հովանիի ներքոյ խաղաղութեան գործընթացի կարեւորութիւնն ու բանակցային գործընթացի պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումը կը կրէր ճանաչողական բնոյթ եւ միտուած էր իրար տեսակէտներու ծանօթացման, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հայաստանի ԱԳ նախարարն ընդգծած է, որ բանակցային գործընթացն այլընտրանք չունի եւ կարեւորած է խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորման, փոխվստահութեան ամրապնդման, լարուածութեան նուազեցմանն ուղղուած քայլերը, զինադադարի անշեղ պահպանումն ու թշնամական հռետորաբանութենէն հրաժարիլը։

Ան շեշտած է, որ հակամարտութեան բոլոր կողմերու իրատեսական ու կառուցողական ներգրաւուածութիւնն առաջնային նշանակութիւն ունի տեւական խաղաղութեան հասնելու ջանքերու արդիւնաւէտութեան համար:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման բանակցային գործընթացին առնչուող հարցերուն շուրջ:

Համանախագահները Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն ներկայացուցած են իրենց յառաջիկայ ծրագիրները: Անդրադարձ  կատարուած է հետագայ քայլերուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment