«Սահմանային իրավիճակը եւ Նախիջեւանի ուղղութեամբ, եւ Արցախի ուղղութեամբ, նաեւ հիւսիսային մեր սահմանները վերահսկելի են»,- երէկ Կեդրոնական հաւաքակայանին մէջ լրագրողներուն ըսած է Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը: Ան անդրադարձած է որոշման, ըստ որու՝ ոստիկանութեան զօրքերը եւս առաջնագիծին ծառայութիւն պիտի իրականացնեն:
«Ոստիկանաութեան զօրքերը զինուած ուժերի այլ զօրքերի շարքն են դասւում: Անհրաժեշտութիւն է առաջացել, որպէսզի ոստիկանական զօրքերը եւս ընդգրկուեն մարտական հերթապահութեան մէջ»,- պարզաբանած է նախարարը:
Դիտարկման, որ ոստիկանութիւնը կարծես կ’ընդդիմանայ որոշման, նախարարը պատասխանած է. «Այլ զօրքեր են, իրենք ընդդիմանալու ոչ իրաւասութիւն, ոչ էլ, կարծում եմ, տրամադրուածութիւն ունեն: Անհրաժեշտութիւնն առաջացել է, որովհետեւ մարտական հերթապահութեան մէջ մենք շատ հետաքրքիր լուծումներ ենք ման գալիս»:
Դաւիթ Տօնոյեանն անդրադարձած է նաեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ կաշառակերութեան դէմ պայքարին, ան ըսած է, որ մեծ աշխատանք կը կատարուի:
«Դուք մի բանում պէտք է համոզուած լինէք, ես իմ աշխատանքը սկսել եմ կաշառակերութեան դէմ պայքարով, կազմակերպուած յանցագործութեան դէմ պայքարով եմ սկսել: Ես այդ հարցին շատ մասնագիտօրէն եմ վերաբերուում: Ես մի հատ գիծ եմ քաշել՝ մինչ իմ նշանակումը եւ նշանակումից յետոյ: Եկէք խօսենք այն մասին, թէ հիմա ինչ է կատարուում»,- ըսած է նախարարը: