Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Տնօրէնը Հանրապետութեան Նախագահին Ներկայացուցած է իր Հրաժարականը

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Տնօրէնը Հանրապետութեան Նախագահին Ներկայացուցած է իր Հրաժարականը

by MassisPost

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Յուլիս 9-ին, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը, որ ներկայացուցած է իր հրաժարականը՝ կապուած պաշտօնական դիրքը չարաշահելու իր դէմ առաջադրուած մեղադրանքին հետ:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան, որպէս Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, ի գիտութիւն ընդունած է Արա Վարդանեանի հրաժարականին դիմումը:

Ըստ սահմանուած կարգին՝ դիմումը պիտի ուղարկուի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն հաստատման համար, որմէ ետք պիտի ստեղծուի յատուկ յանձնաժողով, որ մրցութային կարգով պէտք է ընտրէ Հիմնադրամի նոր գործադիր տնօրէն:

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ՝ Հանրապետութեան նախագահը կը կարծէ, որ երկրորդ հանրապետութեան ծնունդէն ի վեր Հիմնադրամը իրականացուցած է կարեւոր եւ օգտակար ծրագիրներ՝ իր շուրջ համախմբելով ազգային եւ հոգեւոր կառոյցներ, բարերարներ եւ հարիւր հազարաւոր անհատներ: Ուստի, Հիմնադրամը դեռ առաքելութիւն ունի իրագործելու Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի կեանքին մէջ:

Սակայն պարզ է նաեւ, որ Հիմնադրամը կարիք ունի կազմակերպական նոր մօտեցումներու, որոնք առաւել պիտի բարձրացնեն անոր արդիւնաւէտութիւնը, վստահութիւնը եւ կշիռը:

Եւ իզուր չէ, որ Հանրապետութեան նախագահը Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի  2018-ի 25 Մայիսի նիստին ժամանակ երեք ամիս ժամանակ տուած էր ներկայացնելու Հիմնադրամի արմատական բարեփոխումներու առաջարկներ:

Ըստ այդմ, նախագահ Արմէն Սարգսեան յոյս ունի, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը պիտի յաղթահարէ այս փորձութիւնը եւ անկէ դուրս պիտի գայ նորացուած՝ արժանի Նոր Հայաստանի ձգտումներուն եւ մարտահրաւէրներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment