Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Առաջին Հանդիպումը Պրիւքսէլի Մէջ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Առաջին Հանդիպումը Պրիւքսէլի Մէջ

by MassisPost

Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուելէ ետք Զօհրապ Մնացականեանը առաջին անգամ երկու օրէն Պրիւքսէլի մէջ պիտի  հանդիպի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովին:

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներու առաջին դէմ առ դէմ հանդիպումը նախաձեռնած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները:

Պրիւքսէլ մեկնելէ առաջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ «յառաջիկայ հանդիպումը ցոյց կու տայ, վերջապէս, Հայաստանը ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ կառուցողական դեր պիտի խաղա՞յ, թէ՞ ոչ»: Ան կրկին պնդած է, թէ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի առաջընթացի համար հայկական զօրքերը պէտք է դուրս բերուին «գրաւուած տարածքներէն»:

Արձագանգելով Մամետեարովի յայտարարութեան՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեանն ըսած է.- «Անկախ Մամետեարովի յայտարարութիւններից, մենք ունենք մեր յստակ դիրքորոշումը կարգաւորման, դրա հնարաւորութիւնների եւ ուղիների վերաբերեալ»:

Հայաստանեան քաղաքական փոփոխութիւններէն ետք առաջին անգամ իր հայաստանցի պաշտօնակիցին հետ հանդիպումէն առաջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարն երէկ յայտարարած է․ – «Եթէ Հայաստանի մէջ իշխանութեան եկած նոր ուժերը Սարգսեանի ռեժիմի ճանապարհով երթան, ապա անոնց նոյն ճակատագիրը կը սպասէ»:

Զօհրապ Մնացականեանի խօսքով՝ հայկական կողմը բանակցութիւններու սկզբունքներու առումով փոփոխութիւններ չունի․ – «Խաղաղ կարգաւորում, Մինսքի խմբի համանախագահների ֆորմաթ, խաղաղութեանը նպաստող միջավայր: Ես գծեցի այն, ինչը մեզ համար չափազանց կարեւոր է, առաջնային է՝ սթաթուս եւ անվտանգութիւն»:

Քաղաքագէտ Ստեփան Գրիգորեանի կարծիքով, հանդիպումէն երկու օր առաջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի նման յայտարարութիւններն ի չիք կը դարձնեն բանակցութիւններուն մէջ յաջողութիւն գրանցելու որեւէ հնարաւորութիւն: Այդուհանդերձ, ըստ փորձագէտին, նման հանդիպումներն անհրաժեշտ են թէ՛ ճանաչողական, թէ՛ սահմանային լարուածութիւնը թուլացնելու նպատակով․ – «Անպայման պէտք է հանդիպել, ու այդ մեսիճը ուղղուած չէ Ատրպէյճանին: Այդ հանդիպումը կ’ապացուցի, որ Հայաստանը պատրաստ է միշտ կառուցողական մօտեցումով գործել, խաղաղ ճանապարհով լուծել»:

Քաղաքագէտը վստահ է, որ Մնացականեան – Մամետեարով առաջին հանդիպումէն որեւէ էական արդիւնք սպասել պէտք չէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment