Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան Հրաժարական Տուաւ

Երեւանի Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան Հրաժարական Տուաւ

by MassisPost

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը ուղերձ յղած է համաքաղաքացիներուն՝ յայտնելով հրաժարական տալու իր մտադրութեան մասին:

«Սիրելի՛ համաքաղաքացիներ, խօսքս ուղղում եմ ձեզ՝ յայտնելու Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնից հրաժարուելու իմ որոշման մասին եւ շնորհակալութիւնս յայտնելու ձեզանից իւրաքանչիւրին՝ համագործակցութեան ու համատեղ աշխատանքի համար», ֊ նշած է քաղաքապետը:

Նշելով, որ որպէս քաղաքապետ փորձած է լսել երեւանցիներէն իւրաքանչիւրի ձայնը, «քայլ առ քայլ կարգաւորել մայրաքաղաքի խնդիրները», քաղաքապետը աւելցուցած է. ֊ «Այդ առումով, ակնկալում եմ ներողամտութիւն մեր բոլոր այն համաքաղաքացիներից, որոնց հետ մեր համատեղ ճանապարհն ընդհատուում է»։

Տարօն Մարգարեանը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Երեւանի աւագանիի իր գործընկերներուն, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ վարչական շրջաններու աշխատակազմերուն, գործընկեր կառոյցներուն եւ անհատներուն՝ համատեղ աշխատանքի ու միասին անցած ուղիի համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment