Հայաստանի երրորդ նախագահի եղբայր Ալեքսանտր Սարգսեանի որդին՝ Հայկ Սարգսեանը, կը կասկածուի սպանութեան փորձ կատարելու մէջ, երէկ տարածած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացնէ Քննչական կոմիտէն: Հայկ Սարգսեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւն չհեռանալու մասին։
Գործը 11 տարուան վաղեմութիւն ունի։ Ըստ Քննչական կոմիտէի՝ 1 Ապրիլ 2007 -ին ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժինը հաղորդում ստացած է, որ նոյն օրը Երեւան քաղաքի Թումանեան-Նալպանտեան փողոցներու խաչմերուկէն հրազէնային վնասուածքով թիւ 3 հիւանդանոց տեղափոխուած է Երեւան քաղաքի բնակիչ, 1984-ի ծնունդ Դաւիթ Սիմոնեանը:
Ապա ոստիկանութիւն եկած էր Ա. Ղեւոնդեանը, ներկայացուցած է ատրճանակ եւ յայտնած է, որ այն գտած է իրենց շէնքին կից մանկապարտէզի մօտէն եւ անոր հետ անզգոյշ վարուելու հետեւանքով կրակած է ընկերոջ՝ Դաւիթ Սիմոնեանի վրայ:
Փաստի առթիւ յարուցուած էր քրէական գործ, իսկ նոյն տարուան 28 Մայիսին այն կարճուած էր՝ կողմերու հաշտութեան եւ բողոքի բացակայութեան հիմքով:
Սակայն այս տարուայ Յուլիս 3-ին՝ նոր ի յայտ եկած հանգամանքներով պայմանաւորուած գլխաւոր դատախազը յանձնարարած է վերսկսիլ գործի նախաքննութիւնը։ Պարզուած է, որ տուժողը սպանելու նպատակով անոր ուղղութեամբ դիտաւորեալ կրակոց արձակած է Երեւանի բնակիչ, 1984-ի ծնունդ Հայկ Սարգսեանը՝ նոյն ինքը նախկին նախագահի եղբօրորդին:
4 Յուլիսին Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը շուրջ ինը ժամ խուզարկած է Սարգսեաններու բնակարանը, ինչէն ետք՝ ուշ երեկոյեան, Հայկ Սարգսեանը տարուած է քննչական բաժին, իսկ անոր հայրը՝ Սաշիկ անունով յայտնի Ալեքսանտր Սարգսեանը, բերման ենթարկուած է:
«Հրապարակ» թերթը այս կապակցութեամբ գրած է. «Երէկ առաւօտեան Սերժ Սարգսեանի եղբայրը՝ Սաշիկ Սարգսեանը, փորձել է ընտանեօք հանդերձ հեռանալ Հայաստանից։ Սակայն «Զուարթնոց» օդանաւակայանի անվտանգութեան ծառայութիւնը կապուել է ԱԱԾ ղեկավարութեան հետ եւ հրահանգ ստացել՝ կանխել մեկնումը։
Նրանց իջեցրել են Փարիզ մեկնող ինքնաթիռից, եւ դրանից անմիջապէս յետոյ Ալեքսանտր Սարգսեանին պատկանող Թումանեան փողոցի բնակարանում խուզարկութիւն է սկսուել։ Մօտ 9 ժամ տեւած խուզարկութեան արդիւնքում յայտնաբերուել են զէնք, գումար եւ առգրաւուել է մի գեղանկար։ Իրեն՝ Սաշիկ Սարգսեանին, եւ որդուն՝ Հայկ Սարգսեանին, բերման են ենթարկել»։