Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռոպերթ Քոչարեանը «Մարտ 1-ի»-ի Գործով Հարցաքննութեան Կանչուած է

Ռոպերթ Քոչարեանը «Մարտ 1-ի»-ի Գործով Հարցաքննութեան Կանչուած է

by MassisPost

Երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը «Մարտի 1-»ի գործով Յատուկ քննչական ծառայութիւն հրաւիրուած է հարցաքննութեան համար: Տեղեկութիւնն իրաւապահ այս կառոյցը չէ հերքած:

Առայժմ յայտնի չէ, թէ Յատուկ քննչական ծառայութիւնն ինչ կարգավիճակով  հրաւիրած է Քոչարյանը :

«Մարտի 1»-ի իրադարձութիւններէն տաս տարի անց, երբ իշխանութեան եկած է այն ժամանակուայ ընդդիմութեան առաջնորդներէն Նիկոլ Փաշինեանը, առաջին անգամ Ռոպերթ Քոչարեանն այս գործով պիտի հարցաքննուի:

Յատուկ քննչական ծառայութեան նոր ղեկավար Սասուն Խաչատրեանն օրերս յայտարարած էր, որ ՅՔԾ-ն (Յատուկ քննչական ծառայութիւնը) քաղաքական կամք ունի «Մարտի 1»-ի գործը բացայայտելու։

ՅՔԾ-ն (Յատուկ քննչական ծառայութիւնը) երէկ հաղորդած էր,  որ պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանը «Մարտի 1»-ի գործով ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ եւ անոր նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է, կալանքի միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment