Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Կրնայ «Հազարամեակի Մարտահրաւէր» Ընկերակցութեան Օգնութիւնը Ստանալ

Հայաստան Կրնայ «Հազարամեակի Մարտահրաւէր» Ընկերակցութեան Օգնութիւնը Ստանալ

by MassisPost

Նոր Հայաստանը արժանի է ԱՄՆ-ի ամենալայն աջակցութեան: Այս մասին՝ «Ամերիկայի Ձայն»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին՝ նշած է Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսական Ճէքի Գանչելեան-Սբիր:

Անոր խօսքով՝ քոնկրէսականներու եւ գործադիր իշխանութիւններու մակարդակով քննարկումներ կ՝իրականացուին՝ Հայաստանին «Հազարամեակի մարտահրաւէր» ամերիկեան պետական ընկերակցութեան կողմէ խոշոր օգնութիւն տրամադրելուն վերաբերեալ:

«Ատիկա բարդ գործընթաց է, դիւրին չէ այդ խոշոր օգնութեան վաւերացումը ստանալ, սակայն, ես լեցուած եմ զգոյշ լաւատեսութեամբ»,- ըսած է ան:

«Հազարամեակի մարտահրաւէր»-ի հաստատման պարագային՝ Հայաստանին կրնայ տրուիլ աւելի քան 100 միլիոն տոլարի օգնութիւն:

Քոնկրէսականի խօսքով՝ իր լաւատեսութեան աղբիւրը նոր Հայաստանն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment