Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ձերբակալուած է Գագիկ Ծառուկեանի Անվտանգութեան Ծառայութեան Պետը

Ձերբակալուած է Գագիկ Ծառուկեանի Անվտանգութեան Ծառայութեան Պետը

by MassisPost

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան եւ «Ծառուկեան» դաշինքի ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի անվտանգութեան ծառայութեան պետ Էտուարտ Բաբայեանը ձերբակալուած է։ Այդ մասին «Ազատութեան» փոխանցած է Քննչական կոմիտէի նախագահի խորհրդական Սոնա Տռուզեանը։

Տռուզեանի խօսքով, Բաբայեանը կը մեղադրուի դիտաւորութեամբ մարմնական վնասուածք պատճառելու մէջ։

Երէկ աւելի ուշ Քննչական կոմիտէն հաղորդագրութիւն տարածած էր, նշելով, որ «2 յուլիսին՝ ժամը 21:30-ին, «Արմենիա» բժշկական կեդրոն  բուժօգնութեան է դիմել Երեւան քաղաքի մի բնակիչ՝ ծնուած 1968թ: Նախնական տուեալներով՝ տուժողին մարմնական վնասուածքները պատճառուել են Երեւան քաղաքի Դաւթաշէն վարչական շրջանում գործող «Օլիմփաւան» մարզասրահում յուլիսի 2-ին տեղի ունեցած միջադէպի ժամանակ։ Դէպքի վայրի զննութեամբ յայտնաբերուել են առնանման հետքեր»։

Դէպքի առթիւ քրէական գործ յարուցուած է:

Ոստիկանութիւնը նշած է, որ ըստ տուժողի հաղորդման, անոր «հարուած է հասցրել Գագիկ Ծառուկեանը, ապա ձեռքերով եւ ոտքերով բազմաթիւ հարուածներ են հասցրել Գագիկ Ծառուկեանի անվտանգութեան ղեկավար՝ 46-ամեայ Էտուարտ Բաբայեանն ու եւս մէկ անձ, որի ինքնութիւնը պարզւում է։ Միջադէպին ներկայ են գտնուել Արտակարգ իրավիճակների նախարարը եւ Հայաստանի ազգային օլիմփիական կոմիտէի փոխնախագահ Դերենիկ Գաբրիէլեանը»։

Տուժողը նաեւ ըսած է, որ «իր որդին, որը Ռուսաստանի քաղաքացի է, բռնցքամարտիկ է, աշխարհի չեմպիոն։ Յաղթանակների դիմաց Գագիկ Ծառուկեանը պարգեւներ է խոստացել, սակայն որդին Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալուց յետոյ հետախուզւում է՝ ժամկէտային զինուորական ծառայութիւնից խուսափելու մեղադրանքով»։

«Էտուարտ Բաբայեանին յայտնաբերելու ուղղութեամբ ոստիկանութեան ծառայողները ծաւալուն հետախուզական եւ այլ միջոցառումներ սկսեցին ձեռնարկել, ինչի արդիւնքում՝ դէպքից ժամեր անց Բաբայեանը ներկայացաւ ոստիկանութեան Մաշտոցի բաժին։ Նա որպէս կասկածեալ ձերբակալուել ու տեղափոխուել է ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան ձերբակալուածների պահման վայր», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment