Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ 5 Զոհ Անապոլիսի «Capital Gazette» Օրաթերթի Խմբագրութեան Վրայ Կատարուած Յարձակման Հետեւանքով

5 Զոհ Անապոլիսի «Capital Gazette» Օրաթերթի Խմբագրութեան Վրայ Կատարուած Յարձակման Հետեւանքով

by MassisPost

Հինգ զոհ, քանի մը ծանր վիրաւոր՝ ամերիկեան «Capital Gazette» օրաթերթի խմբագրութեան վրայ կատարուած յարձակման հետեւանքով: Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ սա կը համարուի ամենամահաբեր յարձակումը մամուլի վրայ: Զինուած մարդը յարձակումն իրականացուցած է մայրաքաղաք Ուաշինկթընի հարեւանութեամբ գտնուող Մերիլենտ նահանգի կեդրոն Անապոլիս քաղաքին մէջ, ուր տեղակայուած է «Capital Gazette»-ի խմբագրութիւնը:

Ոստիկանութիւնը հաղորդած է, որ յարձակողը դէպքի վայրին մէջ ձերբակալուած է: Իրաւապահները միջադէպը բնորոշած են «թիրախաւորուած, դիտաւորեալ գործողութիւն»: Մինչ այդ ընկերային ցանցերու միջոցաւ օրաթերթի խմբագրութիւնը սպառնալիքներ ստացած էր: Սպիտակ տունը, ԱՄՆ քաղաքական առաջնորդները դատապարտած են «Capital Gazette»-ի դէմ կատարուած զինուած յարձակումը:

«Capital Gazette»-ի լրագրողներէն մէկը, ու կրակոցներու ժամանակ պատսպարուած է գրասեղանի ետեւ, «Թվիթըրի» իր էջին գրած է, որ զինեալը կրակած է ապակեայ դռներէն դէպի ներս, կրակ բանալով խմբագրութեան բոլոր աշխատակիցներուն վրայ: Ան գրած է, որ խմբագրութեան գրասենեակը նման էր պատերազմական գործողութիւններու գօտիի:

Յարձակումն իրականացուած է Յունիս 28-ին, կէսօրէն ետք, ժամը 14:30-ի սահմաններուն: Վայրկեաններու ընթացքին ոստիկանութիւնը դէպքի վայր հասած է, բայց մինչ այդ արդէն հինգ զոհ կար: Իրաւապահներն երէկ հրապարկած են յարձակողի անունը՝ ան 38-ամեայ Ճարոտ Ռամոսն է:

Baltimore Sun-ը, որուն կը պատկանի «Capital Gazette» օրաթերթը, կ’ենթադրէ, որ Ռամոսը վրէժ լուծած է: Դեռ 2011 թուականին «Capital Gazette»-ը նիւթ հրապարակած էր բռնարարքի յատկանիշներով յարուցուած քրէական գործի մը մասին, որուն մէջ ներգրաւուած եղած է Ռամոսը: Աւելի ուշ ան թերթին դէմ բողոք ներկայացուցած էր, իրեն զրպարտելու համար, սակայն դատարանը վճիռ ընդունած էր յօգուտ թերթին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment