Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀԿ-ն Ընտրական Օրէնքի Մէջ Առաջարկուող Փոփոխութիւնը «Պակաս Ժողովրդավար» կը Համարէ

ՀՀԿ-ն Ընտրական Օրէնքի Մէջ Առաջարկուող Փոփոխութիւնը «Պակաս Ժողովրդավար» կը Համարէ

by MassisPost

Ֆիքսուած ցուցակներով 100 տոկոսով համամասնական ընտրակարգը լուրջ թերութիւններ ունի, այն պակաս ժողովրդավար համակարգ կը համարուի: Այս կարծիքը յայտնած է արդարադատութեան նախկին նախարար, Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմնի անդամ Դաւիթ Յարութիւնեանը:

Խորհրդարանական նախորդ ընտրութիւններու ժամանակ կիրառուած «ռէյթինկային» համակարգէն հրաժարելու եւ փակ ցուցակներով ամբողջութեամբ համամասնական ընտրակարգի անցնելու առաջարկը երէկ ամրագրած է վարչապետին առընթեր Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու յանձնաժողովը:

Հանրապետականի ներկայացուցիչ Դաւիթ Յարութիւնեանը դեռ չէ յստակեցուցած՝ արդեօ՞ք խորհրդարանական քննարկումներու ժամանակ իրենք դէմ հանդէս պիտի գան կառավարութեան այս առաջարկին: «Անշուշտ, անհրաժեշտ է քննարկում: Մենք պէտք է յստակ գնահատական տանք՝ արդեօ՞ք այդ թերութիւնները չեն խանգարելու մեր երկրի զարգացմանը: Բանն այն է, որ փակ ցուցակների կարգը, երբ կուսակցութեան վերնախաւը որոշում է, թէ ինչ հերթականութեամբ են ընտրուելու պատգամաւորների թեկնածուները, իրականում պակաս ժողովրդավար է համարւում այն համակարգերից, երբ ժողովուրդն իր ձայնով որոշում է, թէ կուսակցութեան որ քաղաքական գործիչները պէտք է ընտրուեն պատգամաւոր: Սա առաջին լուրջ թերութիւնն է, որը, որպէս կանոն, նուազեցնում է ժողովրդավարութեան աստիճանը, որովհետեւ դառնում է կուսակցութեան վերնախաւի միանձնեայ որոշումը»,- «Ազատութեան» ըսած է Դաւիթ Յարութիւնեանը:

Նախորդ տարուայ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ ընդունուած Ընտրական օրէնսգիրքի հեղինակներէն Դաւիթ Յարութիւնեանի կարծիքով՝ ռէյթինկային ընտրակարգէն հրաժարումը պիտի յանգեցնէ «երեւանակեդրոն» ընտրութիւններու: «Տարածքային բաց ցուցակների պարագայում իւրաքանչիւր ընտրող գիտի, թէ իր տարածքն ով է ներկայացնում խորհրդարանում, ով է այն պատգամաւորը, ում ինքը պէտք է դիմի իր հարցերով, յորդորներով»,- ըսած է ՀՀԿ գործադիր մարմնի անդամը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment