Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԽԽՎ-ի Բազմաթիւ Պատգամաւորներ Ատրպէյճանէն Կաշառք Ստացած Են

ԵԽԽՎ-ի Բազմաթիւ Պատգամաւորներ Ատրպէյճանէն Կաշառք Ստացած Են

by MassisPost

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը կը շարունակէ պատժամիջոցներ կիրառել կաշառակերութեան գայթակղութեան մէջ յայտնուած նախկին եւ գործող պատգամաւորներու նկատմամբ: Կաշառակերութեան մէջ մեղադրուող խումբ մը պատգամաւորներու գործունէութիւնը հետաքննող անկախ յանձնաժողովը նախօրէին հրապարակած է վերջնական զեկոյցը, ըստ որուն՝ վեհաժողովի շուրջ 3 տասնեակ պատուիրակներ կաշառք ստացած են:

Փաստաթուղթի հեղինակները, եւրոպացի պաշտօնաթող դատաւորներէ կազմուած խումբը, կը նշէ, որ 29 պատգամաւորներու մեծ մասը ներքաշուած եղած են Ատրպէյճանի հետ կաշառակերութեան գործարքներու մէջ: Մասնաւորապէս, կաշառքի դիմաց աչք փակելով Ալիեւի վարչակազմի ապօրինութիւններուն վրայ, անոնք քուէարկած են Պաքուի համար նախընտրելի բանաձեւերու օգտին ու լռութեան մատնած են Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման բազմաթիւ դէպքերը: Այդ ամէնուն դիմաց անոնք յաճախ վարձատրուած են թանկարժէք նուէրներով՝ սկսած սեւ խաւիարէն մինչեւ գորգեր ու ոսկեայ զարդեր, դրամական պարգեւներ, անգամ՝ թեթեւաբարոյ աղջիկներ՝ ճոխ հիւրանոցներու մէջ:

«Ատրպէյճանական լուացքատան» այդ «հերոսներուն» ԵԽԽՎ-ն նաեւ ցմահ զրկած է Եւրոպայի խորհուրդ մուտք գործելու հնարաւորութենէն: Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ պատգամաւորներուն կաշառելու գործընթացները կազմակերպած են ատրպէյճանցի պատգամաւորներ Մուսլիմ Մամետովը եւ Էլխան Սուլեյմանովը: Անոնք նոյնպէս ցմահ զրկուած են ԵԽԽՎ մուտք գործելու իրաւունքէն: Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ թէ՛ կաշառակերները, եւ թէ՛ կաշառք տուողները հրաժարած են համագործակցիլ հետաքննող խումբին հետ եւ չեն պատասխանած  փաստերը հետաքննողներու հարցերուն:

Անցած ամիս վեհաժողովի իրաւական հարցերով յանձնաժողովը պատժամիջոցներ սահմանած էր չորս պատգամաւորներու՝ ԵԽԽՎ-ի մէջ ատրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավար Սամէտ Սեիտովի, վեհաժողովի նախկին նախագահ, սպանացի պատգամաւոր Փետրօ Ակրամունթի, Ուքրանիայի հարցով նախկին զեկուցող՝ սպանացի պատգամաւոր Ժորտի Շուկլայի եւ ռումինացի պատգամաւոր Սեզար Պրետայի դէմ, որոնք նոյնպէս խախտած էին վարքականոնի պահանջներն ու ժամանակաւորապէս զրկուած պատգամաւորի հիմնական իրաւունքներէն:

Անոնց արգիլուած է դիտորդական առաքելութիւն իրականացնել եւ զեկուցողի պաշտօն զբաղեցնել: Այդ որոշումէն ետք, ի դէպ, վեհաժողովի նախկին նախագահ Փետրօ Ակրամունթը, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հասցէին հնչող քննադատութիւնը մեղմող առաւել աշխոյժ գործիչներէն էր, որոշեց հեռանալ քաղաքականութենէն:

Պաշտօնական Պաքուն այս կաշառակերութեան մեղադրանքներուն յստակ չի պատասխաներ՝ փոխարէնը կառոյցը կը մեղադրէ «ղարաբաղեան հակամարտութիւնը երբեք չքննարկելու համար՝ հայամէտ ուժերու հակազդեցութեան պատճառով»: Մինչդեռ, յիշեցնենք, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը բազմիցս «բարձր գնահատած է» ԵԽԽՎ-ի ընդունած՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ հակահայկական բանաձեւերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment