Սպանիոյ ու Քաթալոնիոյ մի քանի բնակավայրերուն մէջ ոստիկանութեան համատեղ գործողութիւններու արդիւնքով հայկական մաֆիայի 142 անդամ ձերբակալուած է: Այս մասին կը գրեն քաթալոնական աղբիւրները:
Ձերբակալուածներու մեծ մասը Հայաստանի քաղաքացիներ են:
Աւելի վաղ այլ աղբիւրներ գրած էին, որ խօսքը խոշոր յանցաւոր խումբի մը մասին է, որուն անդամները Եւրոպա մեկնած են Հայաստանէն: Անոնք կապուած են թմրանիւթերու շրջանառութեան, զէնքի վաճառքի, ծխախոտի մաքսանենգութեան, փողերու լուացման, Եւրոպայի ողջ տարածքին մարզական խաղերու վրայ կատարած խաղադրոյքներու կաշառակերութեան ու այլ յանցագործութիւններու հետ:
Գործողութեան մասնակցած են աւելի քան հազար գործակալներ Mossos-էն ու ազգային ոստիկանութենէն: Կ’ենթադրուի, որ օրուան ընթացքին պիտի ձերբակալուի 142 մարդ, որմէ 6-ը «օրէնքով գողեր»: Մատրիտի, Պարսելոնայի, Վալենսիայի ու այլ քաղաքներու մէջ պիտի իրականացուին 73 խուզարկութիւններ: Գործողութիւններուն մասնակցելու համար Սպանիա գործուղուած են նաեւ Ինթըրփոլի ու Եւրոփոլի գործակալներ: