Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տարօն Մարգարեանը Հրաժարականի Դիմում Գրած է. Դաւիթ Խաժակեան

Տարօն Մարգարեանը Հրաժարականի Դիմում Գրած է. Դաւիթ Խաժակեան

by MassisPost

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը հրաժարականի դիմում գրած է։ Այդ մասին «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Երեւանի աւագանիի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Խաժակեանը։

 «Ազատութիւն». – Պարոն Խաժակեան, տեղեկութիւններ կան, որ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է, Դուք ունի՞ք այդպիսի տեղեկութիւններ, որպէս Երեւանի աւագանիի անդամ։

Խաժակեան. – Մենք եւս ունինք այդպիսի տեղեկութիւններ, եւ, դատելով իրավիճակէն, կարելի է ըսել, որ այդպէս ալ պէտք է ըլլար։ Մի քանի տարբեր հանգամանքներով կը բացատրուի այն, եւ նախորդ նիստէն ալ քաղաքապետի բացակայութիւնը կը կարծեմ այդ մասին կը վկայէ, ինչպէս նաեւ բոլոր այն տեսանիւթերը, քրէական գործերը, որոնք յարուցուած են քաղաքապետի, կամ քաղաքապետի մերձ կազմակերպութիւններու վերաբերեալ։

«Ազատութիւն». – Այսինքն՝ Դուք ունի՞ք այդ տեղեկութիւնը, որ ան արդէն գրած է այդ հրաժարականի դիմումը։

Խաժակյան. – Դիմումն արդէն գրուած է, պարզապէս հրապարակուած չէ եւ կը կարծեմ, որ կը մնան քանի մը հարցեր, որոնք պէտք է պարզաբանուին, թէ ինչ պիտի ըլլայ հրաժարականէն ետք, որպէսզի հրապարակուի։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment