Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Կաշառակերութեան Դէմ Պայքարի Ընթացքին Պէտք Է Խստօրէն Հետեւիլ Օրինականութեան Ու Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան». Փաշինեան

«Կաշառակերութեան Դէմ Պայքարի Ընթացքին Պէտք Է Խստօրէն Հետեւիլ Օրինականութեան Ու Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան». Փաշինեան

by MassisPost

«Մենք երբ Հայաստանում բացել ենք կոռուպցիայի դէմ պայքարի էջը, միեւնոյն ժամանակ փակել ենք քաղբանտարկեալների եւ քաղաքական հալածեալների, հնարաւոր քաղաքական հալածանքների էջը», – կաշառակերութեան դէմ պայքարի ընթացքի վերաբերեալ երէկ հրաւիրած խորհրդակցութեան ընթացքին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Ան նշած է, որ կաշառակերութեան դէմ պայքարի ընթացքին պէտք է խստօրէն հետեւիլ օրինականութեանն ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան:

«Այսօր Հայաստանում կոռուպցիայի դէմ պայքարն ամենաշատը քննարկուող թեման է, եւ այդ ուղղութեամբ լուրջ աքթիւութիւն կայ իրաւապահ մարմինների ու կառավարութեան կողմից: Դա բնական է, որովհետեւ կոռուպցիայի դէմ պայքարը յայտարարել ենք կառավարութեան կարեւոր առաջնահերթութիւններից մէկը: Այս գործընթացի համաթեքսթում պէտք է շատ խստօրէն հետեւել օրինականութեանը, մարդու իրաւունքների պաշտպանութեանը, մարդու իրաւունքները յարգելուն, որպէսզի իրաւապահ մարմինների գործողութիւնների հետ կապուած որեւէ այլ  մեկնաբանութիւն չլինի: Մենք երբ Հայաստանում բացել ենք կոռուպցիայի դէմ պայքարի էջը, միեւնոյն ժամանակ փակել ենք քաղբանտարկեալների եւ քաղաքական հալածեալների, հնարաւոր քաղաքական հալածանքների էջը: Շատ կարեւոր է, որ իրաւապահ մարմինների գործողութիւնները որեւէ կերպ այլ մեկնաբանութիւն ստանալու իրական հիմք չունենան: Շատ կարեւոր եմ համարում, որ մենք այս ֆորմաթով գանք ընդհանուր յայտարարի եւ առաջինը` համոզուած լինենք, որ կոռուպցիայի դէմ պայքարի գործընթացը շարունակուելու է, երկրորդը` գործընթացը շարունակուելու է առաւել արդիւնաւէտ եւ այս գործընթացի ընթացքում երաշխաւորուելու են մարդու իրաւունքները, օրինականութիւնն ու ընդհանրապէս հանրութեան շահերը», – ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Նշենք, որ խորհրդակցութեան մասնակցած են իրաւապահ մարմիններու ղեկավարները:

Ներկաները վարչապետին զեկուցած են կաշառակերութեան  դէմ պայքարի ուղղութեամբ իրականացուող եւ յառաջիկային նախատեսուող աշխատանքները: Անդրադարձ կատարուած է իրաւապահ մարմիններու փոխգործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման վերաբերող հարցերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment