Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վաչական Ղազարեանին Մեղադրանք Առաջադրուած է

Վաչական Ղազարեանին Մեղադրանք Առաջադրուած է

by MassisPost

25 Յունիսին ձերբակալուած Պետական պահպանութեան ծառայութեան պետի նախկին առաջին տեղակալ, երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի թիկնազօրի նախկին պետ Վաչական Ղազարեանին երէկ մեղադրանք առաջադրուած է Բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց բարոյականութեան (էթիքայի) յանձնաժողով ներկայացուցած յայտարարագիրներուն մէջ իր ունեցած դրամական միջոցներու իրական չափի մասին յայտարարագրման ենթակայ տուեալները թաքցնելու, ինչպէս նաեւ ապօրինի հարստանալու համար:

Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՀՔԾ) քննիչի կողմէն միջնորդութիւն ներկայացուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան` Ղազարեանի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու համար:

«Մինչեւ Մայիսի 17-ը Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետական պահպանութեան ծառայութեան պետի առաջին տեղակալի պաշտօնը զբաղեցրած Վաչական Ղազարեանի` Երեւան քաղաքի Տէրեան փողոցի 66-րդ շէնքի 62-րդ բնակարանում Յունիսի 20-ին կատարուած խուզարկութեամբ յայտնաբերուել է 35 միլիոն դրամ, 1.110.400 տոլար, 230.500 եւրօ, իսկ վերջինիս պատկանող աւթոտնակում Յունիսի 21-ին կատարուած խուզարկութեամբ յայտնաբերուել է 2000 տոլար»,- յայտնած է ՀՔԾ-ն:

Համաձայն նոյն աղբիւրի՝ 25 Յունիսին Վաչական Ղազարեանը Երեւան քաղաքի Գրիգոր Լուսաւորիչ փողոցի 13 հասցէին վրայ գործող «Արտշինպանք» ՓԲԸ-ի իր հաշուեհամարէն կանխիկացուցած է 50.000 տոլար, իսկ Չարենց փողոցի 12 հասցէի վրայ գործող «Եունիպանք» ՓԲԸ-ի իր հաշուեհամարէն՝ 120.000 տոլար եւ 436.000.000 դրամ, որմէ անմիջապէս ետք բերման ենթարկուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն, ուր նշուած գումարները յայտնաբերուած եւ գրաւուած են:

Ըստ ՀՔԾ-ի՝ քննութեամբ հիմնաւորուած է, որ Վաչական Ղազարեանն իր՝ 2017 թուականի գոյքի, եկամուտներու եւ փոխկապակցուած անձանց յայտարարագրերուն մէջ, ինչպէս նաեւ պաշտօնէական պարտականութիւնները դադրեցնելու օրուայ՝ 17 մայիս 2018-ի դրութեամբ առկայ գոյքի, եկամուտներու եւ փոխկապակցուած անձանց յայտարարագրման մէջ թաքցուցած է իր ունեցած դրամական միջոցներու իրական չափի մասին յայտարարագրման ենթակայ տուեալները, որ յանգեցուցած է առանձնապէս խոշոր չափերով գոյքի՝ 460 միլիոն դրամի, 1.272.900 տոլարի եւ 218.000 եւրոյի չյայտարարագրման, եւ հաշուետու ժամանակահատուածին անոր գոյքի աւելացումն էականօրէն գերազանցած է անոր օրինական եկամուտները եւ ողջամտօրէն չի հիմնաւորուիր անով, այսինքն` վերջինս ապօրինի հարստացած է:

Յիշեցնենք, պաշտօնը դադրեցուցած պահուն ներկայացուցած յայտարարագիրին մէջ Ղազարեանը նշած էր, որ միայն 7 անշարժ գոյք ունի, RANGE ROVER մակնիշի մէկ ինքնաշարժ, 11 միլիոն դրամ, 9500 տոլար, 12500 եւրօ: Ներկայացուցած է նաեւ Յունուարէն Մայիս ստացած 2․5 միլիոն դրամ աշխատավարձը:

Ղազարեանի կինը՝ Ռուզաննա Բեգլարեանը ամուսինին՝ պաշտօնէն ազատուելու յաջորդ օրը յայտարարագրած է 25 միլիոն դրամ, 29 հազար տոլար, 17 հազար 400 եւրօ: Իսկ իբրեւ ստացած եկամուտ՝ վարձակալութեան դիմաց վճար՝ աւելի քան 3 միլիոն դրամի չափով։

Քրէական օրէնսգիրքը ապօրինի հարստացման յօդուածով կը սահմանէ առաւելագոյնը 3-6 տարիով ազատազրկման պատժաչափ, իսկ յայտարարագիրներուն մէջ կեղծ տուեալ ներկայացնելը կամ յայտարարագրման ենթակայ տուեալը թաքցնելը կը պատժուի առաւելագոյնը 2-4 տարի ազատազրկմամբ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment