Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ցուցարարները Փակած են Երեւանի Քաղաքապետարանի Գլխաւոր Մուտքը

Ցուցարարները Փակած են Երեւանի Քաղաքապետարանի Գլխաւոր Մուտքը

by MassisPost

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու պահանջով Կիրակի գիշերուընէ խումբ մը ցուցարարներ փակած էին քաղաքապետարանի մուտքերը:

Դժգոհութեան պատճառը հրապարակուած հետաքննութիւնն է, ըստ որու 40-ամեայ Տարօն Մարգարեանը, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ըլլալով միայն պետական պաշտօնեայ, զգալի չափով ունեցուածք կուտակած է:

«Մարդկանց մուտքը արգելել ենք յանցագործութեան վայր, որպէսզի պատկան մարմինները սկսեն զբաղուել գործով ու ոչ մի բան չկոծկուի, չթաքցուի ներսի աշխատակիցների կողմից», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է քաղաքացիական աքթիւիսթ Միքայէլ Նազարեանը:

Ի վերջոյ ցուցարարները որոշած են դադարեցնել բողոքի գործողութիւնը, քանի որ Տարօն Մարգարեանի վերաբերեալ հետաքննութեան նախաձեռնողը՝ Արէն Մկրտչեանը, որ այժմ վարչապետ Փաշինեանի օգնականն է, տեղեկացուցած է, որ իրենց ունեցած նիւթերը փոխանցուած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ պիտի կցուին ԱԱԾ-ի կողմէն «Երեւան» հիմնադրամի վերաբերեալ քննուող գործին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment