Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարեւոր Հարուած Թուրքիոյ Ժխտողականութեան. Թանէր Աքչամի Հարցազրոյցը «Ռատիոլուրին»

Կարեւոր Հարուած Թուրքիոյ Ժխտողականութեան. Թանէր Աքչամի Հարցազրոյցը «Ռատիոլուրին»

by MassisPost

Թանէր Աքչամ «Ռատիոլուրին» տուած իր հարցազրոյցին մէջ նշած է, որեւէ հեռանկար չի տեսներ, որ Թուրքիան մօտ ապագային կրնայ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Պատմաբանը որեւէ փոփոխութիւն չակնկալեր Թուրքիոյ դիրքորոշման մէջ, նոյնիսկ 24 յունիսին սպասուող ընտրութիւններէն ետք, քանի որ միայն 10 տոկոս ժողովրդականութիւն վայելող քրտամէտ կուսակցութիւնը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ մնացած 90 տոկոսը կը շարունակեն ժխտել փաստը: Հետեւաբար, ոչինչ կը փոխուի, նոյնիսկ, եթէ ընդդիմութիւնը իշխանութեան գայ։

Ինչ կը վերաբերի այլ երկիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութեան, Թանէր Աքչամն ըսած է, որ միայն ԱՄՆ-ի կողմէ ճանաչումը կրնայ փոփոխութիւն բերել:

Պատմաբանն իր աշխատութիւններով կը ջախջախէ Թուրքիոյ ժխտողականութեան բոլոր փաստարկները, բայց համոզուած է, որ Թուրքիան ժխտելու այլ ուղիներ կը գտնէ:

«Իմ վերջին հրատարակութիւնը կարեւոր հարուած էր Թուրքիոյ ժխտողականութեան: Անոնք, հնարաւոր է, չպնդեն իրենց աւանդական փաստարկները, բայց կասկած չունիմ, որ կը գտնեն նոր ուղիներ։ Ժխտողականութեան կարելի է յաղթել քաղաքականութեամբ, ոչ թէ ակադեմիական հետազօտութիւններով»:

Թանէր Աքչամն այժմ կ’ուսումնասիրէ Երուսաղէմի արխիւները, կ’աշխատի 1920-1921 թուականներուն Հալէպի հայ որբերուն, ինչպէս նաեւ Քեմալ Փաշայի՝ Աթաթուրքի մասին գիրքերու վրայ։ Առայժմ չի կրնար ըսել, թէ որ աշխատութիւնն աւելի շուտ պատրաստ կ’ըլլայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment