Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գիւղատնտեսութեան Նախարարութեան Պաշտօնատար Անձինք Պետական Պիւտճէէն Աւելի Քան 1.4 Միլիառ Դրամ Փոշիացուցած են

Գիւղատնտեսութեան Նախարարութեան Պաշտօնատար Անձինք Պետական Պիւտճէէն Աւելի Քան 1.4 Միլիառ Դրամ Փոշիացուցած են

by MassisPost

ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութեան կողմէ ուսումնասիրուած է հողամշակներուն գիւղատնտեսական աշխատանքներու համար մատչելի գիներով պարարտանիւթերու ձեռքբերման նպատակով պետական աջակցութեան ծրագրով պիւտճէթային օժանդակութեան գործընթացին մէջ պետական շահերու պաշտպանութեան վիճակը:

Պարզուած է, որ 2012-2016 թուականներուն ծրագիրներն իրականացնելու ժամանակ ՀՀ Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան պատասխանատու պաշտօնատար անձինք չեն կատարած ՀՀ կառավարութեան  24 դեկտեմբեր 2003-ի թիւ 1937-Ն որոշմամբ հաստատուած պետական պիւտճէէն իրաւաբանական անձանց նպաստներու յատկացման կարգի պահանջները, այսինքն չեն կատարած յատկագումարի նուազագոյն շահաւէտ գինի ընդունուած կարգի հաշուարկման եւ ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութեան հետ համաձայնեցման իրենց ծառայողական պարտականութիւնները: Արդիւնքը եղած է այն, որ միայն 2015-ի բորակածին պարարտանիւթի մասով պետական պիւտճէէն անհիմն 1.427.000.000 ՀՀ դրամ աւել փոխհատուցում  տրուած է մատակարար ՍՊԸ-ին՝ պետութեան համար առաջացնելով ծանր հետեւանքներ:

Ընդ որում, այդ ՍՊԸ-ի՝ պետական պիւտճէի նկատմամբ չկատարած վարկային պարտաւորութիւնը մինչ օրս կը կազմէ 396.682.378 ՀՀ դրամ:

Նկատի ունենալով, որ արձանագրուած խախտումներն առերեւոյթ կը պարունակեն յանցագործութեան յատկանիշներ՝ ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութեան կողմէ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 308-րդ յօդուածի 2-րդ մասով նախատեսուած յանցագործութիւններու յատկանիշներով յարուցուած է քրէական գործ, որուն նախաքննութեան կատարումը յանձնարարուած է ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment