ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեանի հրաժարականին դիմումը չէ ընդունած: Այդ մասին կառավարութեան նիստին յայտարարեց ՀՀ վարչապետը։
«Տիկին Թանդիլեանի հետ որոշած ենք, որ պէտք է շարունակենք համատեղ աշխատանքը, ներառեալ՝ կուտակային կենսաթոշակային համակարգի շուրջ քննարկումները շարունակելու նպատակով»,- ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելացնելով, որ պէտք է աշխատիլ զայն աւելի ընդունելի եւ յուսալի դարձնելու համար: «Համակարգը լրջագոյն բարելաւման կարիք ունի եւ տիկին Թանդիլեանի, Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու եւ Արդարադատութեան նախարարի հետ համաձայնած ենք աշխատիլ, որպէսզի երկու ամսուան ընթացքում ունենանք յստակ նախագիծ», -ըսաւ վարչապետը, շարունակելով. – «Մենք պէտք է հանրութեան եւ մեր մէջ եղած բոլոր կասկածները փարատենք, որպէսզի վստահ ըլլանք, որ ճիշդ ճանապարհով կ’երթանք»։
Իր հերթին, Մանէ Թանդիլեան ըսաւ, որ իր հրաժարականին պատճառը կապուած եղած է նաեւ համակարգի սկզբունքներուն հետ: «Պատրաստ ենք կարճ ժամանակի ընթացքին լրամշակելու համակարգին վերաբերեալ նախագիծը եւ ներկայացնելու հանրութեան՝ նաեւ ընդհանուր քննարկումներ իրականացնելու նպատակով»,- ըսաւ Թանդիլեան՝ աւելցնելով, որ նախագիծը աշնան պէտք է ներկայացուի Ազգային ժողով՝ օրէնքը 1 Յունուար 2019-էն լիարժէք կիրառելու նպատակով:
Նշենք, որ «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծը, իբրեւ օրէնք ուժի մէջ պիտի մտնէ Յուլիս 1-ին: Եթէ առաջ նախատեսուած էր, որ աշխատող քաղաքացին կուտակային հիմնադրամին կը փոխանցէ իր աշխատավարձին 5 տոկոսը, իսկ պետութիւնը կը փոխանցէ եւս 5 տոկոս՝ նոր նախագիծով կը նախատեսուի, որ քաղաքացին պիտի փոխանցէ 2,5 տոկոս, իսկ պետութիւնը՝ 7,5 տոկոս:
Ասոր պարագային, «Ծառուկեան» եւ «Ելք» խմբակցութիւնները, թէեւ ժամանակին դէմ էին, սակայն կողմ քուէարկեցին օրինագիծին:
Յիշեցնենք, որ Աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարի պաշտօնէն Մանէ Թանդիլեանը հրաժարեցաւ այն պատճառով, որ ի սկզբանէ դէմ եղած է կուտակային կենսաթոշակային համակարգի պարտադիր բաղադրիչին: