Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Եանս» Համալիրի Խուզարկութեան Յայտնաբերուած է 1,5 Միլոն Տոլար, Գումարը Պահ Դրուած է Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատան Մէջ

«Եանս» Համալիրի Խուզարկութեան Յայտնաբերուած է 1,5 Միլոն Տոլար, Գումարը Պահ Դրուած է Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատան Մէջ

by MassisPost

ՀՀ քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան վարոյթին մէջ քննուող քրէական գործով՝ անհրաժեշտ մեծածաւալ քննչական եւ որոնողական միջոցառումներ կը շարունակուի ձեռնարկուիլ՝ պարզելու «Եանս» ռեստորանային համալիրին մէջ արձանագրուած չարաշահումներու բոլոր հանգամանքները։

Քրէական գործով բազմակողմանի, առարկայական եւ լրիւ քննութիւնն ապահովելու նպատակով ոստիկանութեան կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի աշխատակիցներու հետ համատեղ, օրէնքով սահմանուած կարգով խուզարկութիւններ կատարուած են «Սելենա» ՍՊ ընկերութեան տնօրէն Ս. Կարապետեանի, «Սելենա» ՍՊԸ-ի փաստացի սեփականատէր Ռ.Բեգլարեանի բնակութեան վայրէն ներս, «Եանս» ռեստորանային համալիրի տարածքին մէջ, որու արդիւնքով բացի հաշուապահական փաստաթուղթեր, համակարգիչներ, ելեկտրոնային կրիչներէն եւ քննութեան հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ իրերէն, յայտնաբերուած է նաեւ առանձնապէս խոշոր չափերու գումար։

Հաշուի առնելով հանրութեան հետաքրքրութիւնը՝ տեղեկացնենք, որ խուզարկութեամբ յայտնաբերուած 1 միլիոն 100 հազար 400 ԱՄՆ տոլար, 230.500 եւրօ, 36 միլիոն դրամ գումարը քննիչի որոշմամբ ի պահ յանձնուած է Կեդրոնական դրամատան ՝ մինչեւ քննութեամբ պարզուի անոնց ծագումը։

Քննութեան արդիւնքներու մասին տեղեկատուութիւն կը տրամադրենք լրացուցիչ։

ՀՀ քննչական կոմիտէ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment