Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանի Որոշմամբ Ստեղծուած է Վարչապետին Առընթեր Ընտրական Օրէնսդրութեան Բարեփոխումներու Յանձնաժողով

Փաշինեանի Որոշմամբ Ստեղծուած է Վարչապետին Առընթեր Ընտրական Օրէնսդրութեան Բարեփոխումներու Յանձնաժողով

by MassisPost

Ելլելով Ընտրական օրէնսգիրքը եւ ընտրական գործընթացները կարգաւորող օրէնսդրութիւնը բարեփոխելու՝ կառավարութեան ծրագիրի մէջ ամրագրուած անհրաժեշտութենէն, նպատակ ունենալով բարձրացնել հանրային կառավարման ներառականութիւնն ու թափանցիկութիւնը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ ստեղծուած է վարչապետին առընթեր ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումներու յանձնաժողով:

Ըստ կառավարութեան e-gov.am կայքին մէջ հրապարակուած որոշման, յանձնաժողովի նախագահ նշանակուած է առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեան, քարտուղար՝ «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» խորհրդատուական հասարակական կազմակերպութեան ծրագիրներու համակարգող Դանիէլ Ինաննիսեան (համաձայնութեամբ)։

Աւելի վաղ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեան, հաշուի առնելով երկրի մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակին հանգուցալուծում տալու անհրաժեշտութիւնը, դիմած էր խորհրդարանական խմբակցութիւններուն՝ առաջարկելով Ընտրական օրէնսգրքի շուրջ քննարկումներու մեկնարկի համար ձեւաւորել աշխատանքային խումբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment