Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Մէջ Կիրակի Կայանալիք Ընտրութիւններուն Էրտողան Կ’ընթանայ «Թուլացած Դիրքերով»

Թուրքիոյ Մէջ Կիրակի Կայանալիք Ընտրութիւններուն Էրտողան Կ’ընթանայ «Թուլացած Դիրքերով»

by MassisPost

Ամիսներ առաջ, երբ Թուրքիոյ նախագահը որոշած է արտահերթ համապետական ընտրութիւններ կազմակերպել, փորձագէտներէն շատերը պնդած են՝ յաղթանակը կանխորոշուած է, յատկապէս հաշուի առնելով, որ քուէարկութիւնը պիտի անցնի արտակարգ դրութեան պայմաններու մէջ, հիմնական ընդդիմադիր ուժերու առաջնորդներն ալ կամ ազատազրկուած են, կամ, 2016-ի յեղաշրջման փորձէն յետոյ, ճնշուած:

Ընդամէնը քանի մը օրէն՝ Կիրակի կայանալիք քուէարկութեան նախօրէին, սակայն, հարցումները կը փաստեն, թէ էրտողանը, որ 16 տարի անընդմէջ կը յաղթէր բոլոր ընտրութիւններուն, այս անգամ կրնայ ցանկալի արդիւնքի չհասնիլ, առնուազն՝ առաջին փուլին:

Նոյն հարցումները կը վկայեն, որ թուրքերը հիասթափուած են յատկապէս երկրի տնտեսութեան վիճակէն: Վճռորոշ քուէարկութենէն օրեր առաջ, նախընտրական ելոյթներէն մէկուն ընթացքին, Էրտողանը պնդած էր՝ պատրաստ է հեռանալ, եթէ ժողովուրդը իրեն ըսէ՝ բաւական է («թամամ»): ժամեր անց ընկերային ցանցերը հեղեղուած էին այդ բառով, «թամամի» արշաւին միայն «Թուիթըր»ի մէջ շուրջ երկու միլիոն օգտատէր միացած է: Դիրքերը ամրապնդելու համար 64-ամեայ էրտողանը օր-օրի կ’աշխուժացնէ քարոզարշաւը: Պոլսոյ մէջ ան հուժկու հանրահաւաք իրականացուցած է ըսելով. «Արեւմուտքը ուշի ուշով կը սպասէ Յունիս 24-ը, գիտէ՞ք ինչու: Անոնք կը սպասեն, որ Էրտողանը տապալի, պարտուի, բայց դուք պատրաստ էք, չէ՞, լաւ օսմանեան ապտակ հասցնելու անոնց: Մենք պէտք է շատ ջանք թափենք ասոր համար, հանգստանալ ու մէկ կողմ քաշուիլ չկայ, կ’երթանք առաջ»,- ըսած է Էրտողանը:

«Այս մարդը պէտք է շատոնց թոշակի երթար, ան ուղղակի ի վիճակի չէ լուծել երկրի խնդիրները»,- պնդած է էրտողանի հիմնական մրցակիցը համարուող Մուհարէմ Ինճէն: Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն, որ քննադատած է Էրտողանը արդէն աւելի քան 15 տարի, վերջին շաբաթներու ընթացքին ոչ մի օր չդադրեցուց քարոզարշաւը: Ան Քիլոմեթրերով քալեց, գիւղացիներու հետ խոտ հնձեց, շարքային ընտրողներու հետ ճաշեց: Անոր կարգախօսն է՝ Թուրքիոյ նոր մարդիկ պէտք են, թարմ արիւն:

Էրտողանի միւս ընդդիմախօս քրդամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» թեկնածու Տէմիրթաշն է, որ բանտէն իր առաջին հեռուստաուղերձը հրապարակեց:

«էրտողանի վարչակազմը կը վախնայ ինձմէ, եւ միայն այդ պատճառով որոշած են զիս բանտ նստեցնել: Սակայն վստահ եմ, որ դուք ազատութեան կողմնակից էք, եւ ձեր օգնութեամբ մենք կրնանք երկիրը հանել այս անդունդէն: Իմ պայքարը յստակ է՝ յանուն ժողովրդավարութեան եւ ընդդէմ մենիշխանութեան ու բռնապետութեան»,- իր ուղերձի մէջ նշած է Տէմիրթաշ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment