Մանուէլ Գրիգորեանին պատկանող՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող առանձնատան մէջ եւս «Զինուորի բաժին» մակագրութեամբ մեծ քանակութեամբ միսի պահածոներ եւ այլ ապրանքներ յայտնաբերուած են, հաղորդած է յատուկ քննչական ծառայութիւնը:
«Յատուկ քննչական ծառայութեան եւ ՀՀ ԱԱԾ համագործակցուած միջոցառումներու որպէս արդիւնք ստացուած տեղեկութիւններու հիման վրայ իրաւական օգնութիւն ցոյց տալու մասին միջնորդութիւն ուղարկուած է Արցախի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններուն, որու շրջանակներու մէջ 2018 թուականի 20 յունիսի առաւօտեան խուզարկութիւն կատարուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N զօրամասին հարակից` «Արա Լեռ» կոչուող տարածքի մէջ գտնուող, ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանին պատկանող առանձնատան մէջ:
Նախօրէին դատարանը բաւարարած էր Մանուէլ Գրիգորեանը կալանաւորելու միջնորդութիւնը: Նոյն օրը, աւելի վաղ, Ազգային ժողովը Մանուէլ Գրիգորեանը զրկած էր պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն: Գրիգորեան ձերբակալուեցաւ, ապա կալանաւորուեցաւ անոր պատկանող պահեստներու մէջ ԱԱԾ-ի կողմէ իրականացուած խուզարկութիւններէն ու խայտառակ բացայայտումներէն ետք: