Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մանուէլ Գրիգորեան Նամակ Գրած է Արա Բաբլոյեանին

Մանուէլ Գրիգորեան Նամակ Գրած է Արա Բաբլոյեանին

by MassisPost

Ազգային ժողովի ձերբակալուած պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեան նամակ  ուղղած է Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանին, հաղորդած է Aysor.am-ը։

«Տեղեկացուած եմ ԱԱԾ տարածած նիւթերից եւ հանրային արձագանգից։ Տեղեակ եմ նաեւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան արձագանգից։

Հարկ եմ համարում յայտնել, որ նման արձագանգը սպասելի էր, եթէ չեն ներկայացուած նաեւ հակափաստարկները։ Իսկ դա հնարաւոր է անել միայն խորը, բազմակողմանի նախաքննութեան ընթացքին։

Նախաքննութեան ընթացքին մանրամասն կը ներկայացնեմ բոլոր անհրաժեշտ ապացոյցները, այդ թւում՝ փաստաթղթային, թէ խնդրոյ առարկայ գոյքն ինչու եւ ինչ ձեւով է յայտնուել Երկրապահ կամաւորական միութեան սպասարկող պահեստներում, թէ ինչպէս է այն անընդհատ օգտագործուել այդ միութեան կանոնադրական խնդիրներու լուծման համար։

Չմոռանանք, որ Երկրապահ կամաւորական միութիւնը կար, մնում է եւ շարունակելու է մնալ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան աջակցող յենասիւներից մէկը։

Քանի որ չունեմ որեւէ ցանկութիւնը խորչընդոտելու նախաքննութեանը, կոչ եմ անում իմ գործընկերներին համաձայնութիւն տալ ինձ պատգամաւորական անձեռնմխելիութիւնից զրկելու՝ առանց իմ ներկայութեան։ Վստահ եմ, որ իմ անունը ես կը վերականգնեմ», – գրուած է Մանուէլ Գրիգորեանի նամակի մէջ։

Աւելի շուտ NEWS.am-ը յայտնած էր, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած էր, որ Մանուէլ Գրիգորեան կասկածի տակ է ոչ միայն ապօրինի զէնք-զինամթերք պահելու համար, այլեւ դպրոցականներու կողմէ զինծառայողներու համար ուղարկուած օգնութիւնը իւրացնելու համար: Այնուհետեւ այդ ամէնը հաստատող հաղորդագրութիւն եւ տեսանիւթ տարածած էր ԱԱԾ-ն։

Մասնաւորապէս, ԱԱԾ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Մանոուէլ Գրիգորեանին պատկանող հանգստեան գօտիին մէջ յայտնաբերուած է «զինուորի բաժին» նշագրումով սնունդ, զինուորական հանդերձանք: Զինուորներուն հասցէագրուած արկղերուն կից նամակներէն ակնյայտ էր, որ արկղերու պարունակութիւնը դեռեւս 2016-ին ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն ուղարկուած օգնութիւնն էր առաջնագիծի զինուորներուն:

Հանրապետութեան տասնեակ մանկապարտէզներէն, դպրոցներէն, համայնքներէն զինուորներուն ուղարկուած սնունդը նոյնպէս պահեստաւորուած էին հանգստեան գօտիի պահեստներու մէջ: Խուզարկութեամբ յայտնաբերուած են նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան մատակարարուած «զինուորի համար» յատուկ գրութեամբ մթերքներ, որոնք ենթակայ չեն վաճառքի կամ այլ կարիքներու օգտագործման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment