Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԱԾ-ի Համաձայն Մանուէլ Գրիգորեանին Պատկանող Հանգստեան Գօտին Վերածուած Էր Զինապահեստի

ԱԱԾ-ի Համաձայն Մանուէլ Գրիգորեանին Պատկանող Հանգստեան Գօտին Վերածուած Էր Զինապահեստի

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (ԱԱԾ) հրապարակեց Ազգային Ժողովի պատգամաւոր եւ Երկրապահ Կամաւորականներու Միութեան նախագահ Մանուէլ Գրիգորեանի էջմիածինի տան եւ այլ կալուածներու խուզարկութեան տեսարանները, ուր ի յայտ կու գան մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք, ինչպէս նաեւ բանակի զինուորներուն համար նախատեսուած ապրանքներ:

Ըստ ԱԾԾ-ի հրապարակած հաղորդագրութեան եւ տեսաերիզին, Մանուէլ Գրիգորեանին պատկանող հանգստեան գօտին վերածուած էր զինապահեստի, արժէքաւոր նոր եւ հին մեքենաներու կայարանի եւ «զինուորի բաժին» պիտակով սնունդի, դեղորայքի, զինուորական հանդերձանքի պահեստարանի: Ըստ ԱԾԾ-ի տարածած հաղորդագրութեան Զինուորներուն հասցէագրուած արկղերուն կից նամակներէն ակնյայտ է, որ արկղներու պարունակութիւնը 2016-ին ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն դպրոցներու ուսանողներուն կողմէ ուղարկուած օգնութիւնն էր՝ յառաջապահ գիծի զինուորներուն:

«Պատգամաւորի հանգստեան տունը ունի նաեւ սեփական կենդանաբանական այգի, ուր կը պահուին վագր, արջեր, ջայլամներ, եւ կայ նաեւ ձիարշաւարան: Ստացուած տուեալներու հիման վրայ պարզ դարձած է, որ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մասնակից զինուորներուն համար նախատեսուած սնունդը Մանուէլ Գրիգորեան օգտագործած է սեփական կենդանաբանական այգիի կենդանիներուն կերակրելու նպատակով», կը յայտնէ ԱԾԾ:

Մանուէլ Գրիգորեան ձերբակալուած էր Յունիսի 16-ին: Յունիս 17-ին դատարանը մերժեց պատգամաւորը ազատ արձակելու միջնորդութիւնը:

Միւս կողմէ, Էջմիածինի քաղաքապետ Կարէն Գրիգորեան, որ որդին է Մանուէլ Գրիգորեանի, Կիրակի ուշ երեկոյեան յայտարարեց, որ հրաժարած է իր պաշտօնէն: Կարէն Գրիգորեանի հրաժարականի պահանջով վերջին օրերուն էջմիածինի մէջ տեղի կ՛ունենային բողոքի ցոյցեր, որոնք կազմակերպուած էին Ռուսաստանէն վերջերս վերադարձած Օննիկ Ասատրեանի կողմէ, որ գողական աշխարհի մէջ ծանօթ է «Տօն Պիպօ» ծածկանունով:

Կարէն Գրիգորեանի կողմնակիցները եւս փողոց դուրս եկած էին, քաղաքը բաժնելով երկու մասի: Մտավախութիւն կար որ երկու կողմերուն միջեւ տարակարծութիւնները կրնան վերածուին զինեալ բախումներու, մանաւանդ որ անցեալին քաղաքին մէջ տեղի ունեցած էին սպանութիւններ:

Յունիս 16-ին, խուզարկուած էր նաեւ «Տօն Պիպօի» Էջմիածինի բնակարանը, ուր եւս յայտնաբերուած էր զէնք եւ զինամթերք:

Այս խուզարկութեան հիման վրայ Օննիկ Ասատրեան եւս ձերբակալուած է եւ կը մնայ կալանքի տակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment