Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Դանիացի Թաւջութակահար Ճոնաթան Սուէնսէն «Արամ Խաչատրեան» 14-րդ Միջազգային Մրցոյթի Յաղթող

Դանիացի Թաւջութակահար Ճոնաթան Սուէնսէն «Արամ Խաչատրեան» 14-րդ Միջազգային Մրցոյթի Յաղթող

by MassisPost

Յունիս 14-ին Արամ Խաչատրեան համերգասրահի մէջ տեղի ունեցած է «Արամ Խաչատրեան» 14-րդ միջազգային մրցոյթի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու ընթացքին հրապարակուած են մրցոյթի յաղթողներու անունները:

Այս տարի Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 115-ամեակի օրը՝ Յունիս 6-ին մեկնարկած մրցոյթին մասնակցած էին միայն թաւջութակահարները: Մրցութային երեք փուլերու աւարտէն յետոյ յաղթող ճանչցուած է եւ 15 հազար տոլարի համարժէք դրամական պարգեւի արժանացած է դանիացի թաւջութակահար Ճոնաթան Սուէնսէն: Երկրորդ տեղը գրաւած եւ 10 հազար տոլարի համարժէք դրամական պարգեւի արժանացած է Ռուսիան ներկայացնող թաւջութակահար Ֆեոտոր Ամոսովը: Երրորդ մրցանակը, համապատասխանաբար 5000 տոլարի համարժէք դրամական պարգեւով, յատկացուած է Ռուսիան եւ Քորիայի հանրապետութիւնը ներկայացնող թաւջութակահարներ Ռուստէմ Խամիտուլինին եւ Չի-Ուոն Հոնկին:

Ի դէպ, Չի-Ուոն Հոնգն արժանացած է նաեւ «Հանդիսատեսի համակրանք» մրցանակին: Մրցոյթի աւարտին, աւանդաբար, բացի հիմնական մրցանակներէն, յանձնուած են նաեւ յատուկ մրցանակներ:

Այս տարի մրցոյթի միջազգային ժիւրիի պատուաւոր նախագահը աշխարհահռչակ լեհ երգահան Քշիշտոֆ Պենդերցկին էր: Ան լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին շեշտած է, որ իրեն համար անկանխատեսելի էր մրցոյթի մասնակիցներու այսչափ բարձր մակարդակը: ըսած է նաեւ, որ իրենց կատարումներով բոլոր երաժիշտները հիասքանչ էին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment