Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Զինուժի Ստորաբաժանումներու Կուտակումներ Շփման Գիծի Մօտ

Ատրպէյճանի Զինուժի Ստորաբաժանումներու Կուտակումներ Շփման Գիծի Մօտ

by MassisPost

Ատրպէյճանական կողմը կուտակումներ կ’իրականացնէ շփման գիծի գրեթէ ողջ երկայնքով՝ սահմանամերձ շրջաններու վրայ տեղակայելով ստորաբաժանումներ, որոնց մշտական տեղակայման վայրը կը գտնուի Ատրպէյճանի խորքերը։ Այդ մասին «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Պապայեան։

Ըստ Պապայեանի, 2016 թուականի Ապրիլէն նման բան չէր նկատուած։

«Ազատութիւն». – Պարոն Պապայեան, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն տարածեց՝ նշելով, որ վերջին օրերուն Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծի տարբեր հատուածներու վրայ նկատուած են հակառակորդի զինտեխնիկայի եւ մարդկային ուժի աշխոյժ տեղաշարժեր եւ կուտակումներ։ Ի՞նչ տեղի կ’ունենայ, արդեօ՞ք այս կը խօսի հնարաւոր ռազմական գործողութիւններու վերսկսման մասին։

Պապայեան. – Գիտէք, ապրիլ ամիսէն անոնք կուտակումներ իրականացուցած են սահմանի գրեթէ ողջ երկայնքով եւ տեղակայած են սահմանամերձ շրջաններու մէջ ստորաբաժանումներ, որոնց մշտական տեղակայման վայրը կը գտնուի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան խորքերը։ Իսկ վերջին քանի մը օրուան ընթացքին ընդհանրապէս աշխուժացած է տեղաշարժը այդ ստորաբաժանումներու։ Ի հարկէ, Արցախի Պաշտպանութեան բանակը ամէն ինչ կ’ընէ, համապատասխան քայլեր կը ձեռնարկէ՝ հաւասարակշռուածութիւնը պահպանելու, ռազմավարական նախաձեռնողականութիւնը մեր ձեռքերու մէջ պահելու ուղղութեամբ։

«Ազատութիւն». – Ի՞նչ ստորաբաժանումներու մասին է խօսքը։

Պապայեան. – Տարբեր ստորաբաժանումներ, որոնց տեղակայման վայրը կը գտնուի, ըսենք, Պաքուի, Շեմախի մէջ եւ այլ տեղեր, այսինքն՝ Ատրպէյճանի խորքը, որոնք տեղակայուած չեն սահմանամերձ շրջաններու մէջ, եւ 2016 թուականի ապրիլ ամիսէն նման բան չէր նկատուած։

«Ազատութիւն». – Այդ աշխուժացումը  խորքերը նկատուած է, թէ՞ արդէն շփման գիծի վրայ։

Պապայեան. – Չէ, խորքէն ստորաբաժանումները բերած են առաջնագիծի մօտ։

«Ազատութիւն». – Վերջին օրերու այդ աշխուժացման մասին որ խօսեցանք, սահմանի երկայնքո՞վ է այդ աշխուժացումը։

Պապայեան. – Որոշ հատուածներու վրայ. բնական է, լեռնային հատուածներու վրայ այնքան չէ, աւելի շուտ արեւելեան շրջաններու մէջ է, ուր    աշխարհագրութիւնը  տափաստանային է։

Նշենք՝ 12 Յունիսին Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գերատեսչութիւնը հաղորդած էր, որ «վերջին օրերուն արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի տարբեր հատուածներու մէջ կը նկատուին նաեւ հակառակորդի զինտեխնիկայի եւ մարդկային ուժի աշխոյժ տեղաշարժեր ու կուտակումներ»:

«ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումներն աչալրջօրէն հետեւում են հակառակորդի գործողութիւններին եւ ձեռնարկում իրավիճակէն բխող անհրաժեշտ քայլեր», – ըսուած էր հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment