Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեանի Մասնակցութեամբ Մոսկուայի մէջ Բացուած է Մարշալ Համազասպ Պապաճանեանի Կիսանդրին

Վարչապետ Փաշինեանի Մասնակցութեամբ Մոսկուայի մէջ Բացուած է Մարշալ Համազասպ Պապաճանեանի Կիսանդրին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ Մոսկուայի Հայրենական Մեծ պատերազմի կեդրոնական թանգարանի մէջ բացուած է  Խորհրդային Միութեան հերոս, ԽՍՀՄ զրահաթանկային զօրքերու գլխաւոր մարշալ Համազասպ Բաբաջանեանի կիսանդրիի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Վարչապետը նշած է, որ իւրայատուկ հպարտութեամբ կը գտնուի համատեղ պատմութեան՝ Հայրենական Մեծ պատերազմին նուիրուած թանգարանը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անունէն յարգանքի տուրք մատուցելու Համազասպ Պապաճանեանի յիշատակին:

Վարչապետի խօսքով՝ այն, որ այս թանգարանի մէջ բացուած է մարշալ Պապաճանեանի յուշարձանը եւ նախորդ տարուան ընթացքին այստեղ տեղադրուած է մարշալ Բաղրամեանի կիսանդրին՝ վկայած է, որ Հայաստանը եւ Ռուսիան ոչ միայն յարգանքի տուրք մատուցած են Հայրենական Մեծ պատերազմի մեծանուն հրամանատարներուն, այլ նաեւ անոնց մասին յիշողութիւնը փոխանցած սերունդէ սերունդ:

Համազասպ Պապաճանեանի կիսանդրիի հեղինակը Աշոտ Թադեւոսեանն է:

pashinyan-medvedev

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվէտեւի հետ: Զրուցակիցները քննարկած են հայ-ռուսական տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացմանն ուղղուած շարք մը հարցեր, անդրադարձած տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու մէջ համատեղ իրականացուող ծրագիրներու ընթացքին ու առաջիկայ ընելիքներուն:

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Տմիթրի Մետվետեւը կարեւորած են երկկողմ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աւելացումը եւ այդ բնաբանի մէջ ընդգծած հայ-ռուսական տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի  ու արդիւնաւէտ աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետը ներկայացուցած է տնտեսութեան ոլորտի մէջ կառավարութեան առաջնահերթութիւնները, անդրադարձած հարկային, մաքսային վարչարարութեան պարզեցման, կաշառակերութեան դէմ պայքարին եւ, ընդհանուր առմամբ, գործառութեան միջավայրի բարելաւման միտուած քայլերուն, որոնք գործադիրը կը նախատեսէ կեանքի կոչել առաջիկային:

Նիկոլ Փաշինեանը կարեւորած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացումն ու գործառութեան կապերու շարունակական ընդլայնումը:

Վարչապետը ընդգծած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը շահագրգռուած է երկու երկիրներու միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աճով, համատեղ նոր ներդրումային ծրագիրներու իրականացմամբ եւ պատրաստ է այդ ուղղութեամբ իրականացնել անհրաժեշտ քայլեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment