Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Յատուկ Գործողութիւններ Իրականացուցած է Երեւանի Քաղաքապետարանի Մէջ

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Յատուկ Գործողութիւններ Իրականացուցած է Երեւանի Քաղաքապետարանի Մէջ

by MassisPost

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (ԱԱԾ) Յատուկ Գործողութիւններ Իրականացուցած է Երեւանի Քաղաքապետարանի մէջ։

Այդ մասին ԱԱԾ մամուլի կեդրոնը հաղորդագրութիւն տարածած է, որու մէջ մասնաւորապէս ըսուած է․- «Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մէջ հաղորդում ստացուած է ՀՀ քաղաքացիներ Վ.Գ.-էն եւ Ա.Խ.-էն այն մասին, որ Երեւանի քաղաքապետարանի պաշտօնատար անձինք, կառուցապատման եւ գոյքի ձեւակերպման համապատասխան թոյլտուութիւններ տրամադրելու դիմաց, բացի օրէնքով սահմանուած վճարումներէն, իրենց պարտադրած են «Երեւան» հիմնադրամին փոխանցել խոշոր չափերով գումարներ: Նիւթերու նախապատրաստման ընթացքին պարզուած է, որ վերոնշեալ պատրուակով առձեռն ստացուած գումարներու մասը մը հիմնադրամի հաշուեհամար չէ մուտքագրուած եւ յափշտակուած է: Յանցագործութեան մասին հաղորդումներու հիման վրայ ՀՀ ԱԱԾ քննչական վարչութեան մէջ յարուցուած է քրէական գործ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 308-րդ յօդուածի 2-րդ մասի («Պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելը, որն անզգուշութեամբ առաջացրել է ծանր հետեւանքներ») եւ 178-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1.1 կէտի («Պաշտօնական դիրքն օգտագործելով կատարուած խարդախութիւն») յատկանիշներով»:

 

ԱԱԾ-ն կը փոխանցէ, որ Երեւանի քաղաքապետարանի վարչական շէնքի մէջ տեղակայուած «Երեւան» հիմնադրամի աշխատասենեակներու մէջ քրէական գործով կատարուած են խուզարկութիւններ: Իրականացուած են լայնածաւալ հետախուզական միջոցառումներ եւ քննչական գործողութիւններ` քաղաքացիներէն գումարներու հաւաքագրման հանգամանքները, ծախսերու ուղղութիւնները եւ նպատակայնութիւնը, ինչպէս նաեւ օրինականութիւնը պարզելու ուղղութեամբ:

 

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան ֆէյսպուքեան իր էջի վրայ գրած էր, որ Երեւանի աւագանիի առաջիկայ նիստին ներառուած է «Երեւան» հիմնադրամ լուծարելու հարցը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment