Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանի Վարչապետը Ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Համանախագահները

Հայաստանի Վարչապետը Ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Համանախագահները

by MassisPost

Նախօրէին Երեւան ժամանած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Պոպովը (Ռուսիա), Էնտրու Շոֆէրը (ԱՄՆ), Ստեֆան Վիսկոնթին (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպշիկը, որոնց ընդունած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Վարչապետը կարեւորած է համանախագահներու դերը ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացի մէջ եւ համոզմունք յայտնած, որ կը ձեւաւորուի արդիւնաւէտ համագործակցութիւն:

Միջնորդները շնորհաւորած են Նիկոլ Փաշինեանը վարչապետի պաշտօնին ընտրուելու կապակցութեամբ՝ վստահեցնելով, որ կը ներդնեն բոլոր ջանքերը ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար:

Հանդիպման մասնակիցները կարեւորած են կողմերու հաւատարմութիւնը հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ ստանձնած յանձնառութիւններուն, ինչպէս նաեւ Վիեննայի, Սան Փեթերպուրկի եւ Ժնեւի գագաթնաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման անհրաժեշտութիւնը, ըսուած է Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան մէջ:

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները վարչապետին տեղեկացուցած են իրենց առաջիկայ աշխատանքային ծրագիրներու վերաբերեալ։

Փաշինեան վերահաստատած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հետ շարունակելու բանակցային խաղաղ ճանապարհով հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած ջանքերը:

Նշենք, որ սա վարչապետ Փաշինեանի առաջին հանդիպումն է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հետ:

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը հանդիպում ունեցած է նաեւ արտաքին գործերու նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ:

Արտաքին գործերու նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ Մնացականեան կարեւորած է այցը, ընդգծելով, որ այն հնարաւորութիւն կ’ընձեռնէ անմիջական առաջին շփումը հաստատել Հայաստանի մէջ նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք։ Նախարարը վերահաստատած է Հայաստանի մօտեցումները եւ դիրքորոշումը կարգաւորման գործընթացի մէջ՝ շեշտելով, որ Հայաստանը հաւատարիմ է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան շրջանակներու մէջ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման։

Համանախագահները ներկայացուցած են հիմնահարցի հանգուցալուծման ջանքերու մէջ իրենց փորձառութիւնն ու մօտեցումները։

«Անդրադառնալով նախօրէին շփման գիծի Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ՊԲ զինծառայողի սպանութեան՝ նախարար Մնացականեանը շեշտած է, որ նման սադրանքներով ատրպէյճանական կողմը լրջօրէն կասկածի տակ կը դնէ իր յանձնառութիւնը խաղաղ գործընթացին», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Քննարկուած են եռանախագահներու ձեւաչափի մէջ իրականացուելիք յետագայ քայլերը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment