Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը Նոր Զօրամիաւորումներ Կուտակած է Շփման Գիծի Վրայ

Ատրպէյճանը Նոր Զօրամիաւորումներ Կուտակած է Շփման Գիծի Վրայ

by MassisPost

Ատրպէյճանը Ապրիլէն սկսած ղարաբաղա-ատրպէյճական շփման գիծի տարբեր հատուածներուն զօրամիաւորումներ կուտակած է, որոնք մինչ այս պահը ետ չէ քաշած: «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցին այս մասին ըսած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանը: «Արդէն երկու ամիս է, ինչ Ատրպէյճանը կուտակումներ է կատարել շփման գիծի տարբեր հատուածներում: Այսինքն, այնտեղ տեղափոխել է զօրամիաւորումներ, որոնք երբեք այդտեղ չեն եղել եւ հետ չի քաշել այդ զօրամիաւորումները»,- ըսած է Բաբայեանը:

Ան նշած է, որ կան մարդիկ, որոնք կը փորձեն այդ ամէնը ներկայացնել որպէս ներքաղաքական խնդիրներէն շեղելու համար կատարուող յայտարարութիւններ:

Հարցին` Ատրպէյճանը այդ քայլով ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ, Դաւիթ Բաբայեանը ընդգծած է, որ նպատակները կրնան տարբեր ըլլալ, սակայն խնդիրը անոր մէջ է, որ հակառակորդը կը փորձէ  ինչ-որ լարուածութիւն պահպանել սահմաններու երկայնքով: «Եւ որքան մենք պատրաստ լինենք, որքան համախմբուած լինենք, այնքան աւելի քիչ է լինելու պատերազմական կամ ահաբեկչական այլ գործողութիւնների հաւանականութիւնը: Մենք միշտ պիտի պատրաստ լինենք»,- նշած է Դաւիթ Բաբայեանը` աւելցնելով, որ պաշտպանութեան բանակը պատասխան գործողութիւններ կ’իրականացնէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment