Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նոր Կառավարութեան Հաստատ Քայլերը

Նոր Կառավարութեան Հաստատ Քայլերը

by MassisPost

Այս տողերը գրելու պահուն յայտնի դարձաւ որ  Հանրապետական   5-րդ պատգամաւորը դուրս եկած է կուսակցութենէն, յայտարարելով որ այսուհետեւ պիտի   գործէ  անկախ պատգամաւորի կարգավիճակով: Այսպիսով, ՀՀԿ-ի պատգամաւորներու թիւը նուազեցաւ 53-ի ու մէկ հրաժարական եւս, բաւարար պիտի ըլլայ որպէսզի նախկին իշխող կուսակցութիւնը կորսնցնէ խորհրդարանական իր մեծամասնութիւնը, ճամբայ հարթելով Նիկոլ Փաշինեանին` ի գործ դնելու իր կառավարութեան ծրագիրը, որու առանցքը կը կազմէ  ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնը եւ արտահերթ ընտրութիւններու կայացումը, ունենալու համար խորհրդարան մը, որ կազմուած  ըլլայ ժողովուրդի կամքը արտայայտող պատգամաւորներէ: Տակաւին շաբաթ մը առաջ հանրապետականները համոզուած էին որ պիտի կարողանան ձգձգել արտահերթ ընտրութիւններու կայացումը, իրենց համար աւելի բարենպաստ պայմաններու ակնկալիքով:

Նոր  զարգացումներ արձանագրուեցան նաեւ, երբ  այլ պաշտօններու վրայ գտնուող   պատասխանատու անձնաւորութիւններ սկսան հեռանալ իրենց պաշտօններէն:  Ուշագրաւ էր  Վճռաբեկ Դատարանի նախագահի հրաժարակը, որու հեռացումը   ճամբայ պիտի հարթէ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման գործընթացը արագացնելու ուղղութեամբ:

Միւս կողմէ, նոր կառավարութեան անդամները տենդագին աշխատանքի լծուած  են ուսումնասիրելու համար պիւտճէով  իրենց նախարարութիւններուն յատկացուած գումարներու օգտագործման եղանակները: Արդէն իսկ կը պարզուի պատկեր մը, որ ցոյց կու տայ թէ ժողովուրդի հաշւոյն հարիւր հազարաւոր տոլարներ կը վատնուէին  այնպիսի ծրագիրներու վրայ, որոնց նպատակայարմարութիւնը խիստ կասկածելի  են: Մսխուած այդ գումարները, ինչպէս նաեւ կոռուպցիայի միջոցաւ կատարուած  իւրացումները ի մի բերելով, յառաջիկային   կարելիութիւն կրնայ ստեղծուիլ հասնելու աղքատ դասակարգի վիճակի բարելաւման`  կենսաթոշակներու եւ աշխատավարձերու բարձրացմամբ:

Փաշինեանի կառավարութեան մէկ ամսուայ գործունէութիւնը ցոյց կու տայ թէ, յեղափոխութեան հետապնդած նպատակները կասեցնելու փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան:

Հայաստանի նոր իշխանութիւնները կը քալեն դանդաղ, սակայն հաստատ քայլերով` գտնուելով ճիշդ ուղիի վրայ:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment