Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սփիւռքի Նախարարութեան 600 Հազար Տոլարի Երեք Ծրագիրները Յետաձգուած Են

Սփիւռքի Նախարարութեան 600 Հազար Տոլարի Երեք Ծրագիրները Յետաձգուած Են

by MassisPost

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը ժամանակաւորապէս հետաձգած է 3 խոշոր ծրագիրներու անցկացման ժամկէտները։ Խօսքը «Արի տուն», «Իմ Հայաստան» եւ «Սփիւռքի ամառային դպրոցի» ծրագիրներու մասին է։ նախարար Մխիթար Հայրապետեան այսպէս յայտարարած է ու իր այս որոշումը պատճառաբանած է առկայ   կաշառակերութեան կասկածանքով։

Մօտ մէկ ամիս ղեկավարելով գերատեսչութիւնը ու ուսումնասիրելով երեք ամենամեայ ծրագիրներու նիւթական փաստաթուղթերը՝ Հայրապետեանը իր խումբի հետ հասկցած է, որ անոնց մէջ բազում վիճայարոյց հարցեր կան:

Երեք ծրագիրներու ֆինանսաւորումը միասին կը կազմէ 290 միլիոն դրամ՝ մօտ 600 հազար տոլար։ Թէ այդ գումարէն որքանը իրականութեան մէջ ծառայած է նպատակին՝ կը պարզուի Պետական վերահսկողութեան ծառայութեան քննութեան արդիւնքով։ Իսկ մինչեւ այդ նախարարը դեռ սեփական ուսումնասիրութեան արդիւնքները կը ներկայացնէ։

Հայաստան այցելած սփիւռքահայ երիտասարդներու համար նախատեսուող սնունդի գիներն ալ ուռճացուած են։ Հայրապետեան ըսած է՝ ամէն մասնակցի երկու անգամ սնունդի համար նախարարութիւնը մրցոյթը յաղթած ՍՊԸ-ին վճարած է 8,000 դրամ։ Թէեւ այս օրինականութեան սահմանի մէջ եղած է, բայց նախարարը զարմացած է, թէ 4,000 դրամով ինչ տեսակի սնունդ կը մատուցէր պատասխանատու կազմակերպութիւնը։

Ենթադրեալ կաշառակերութեան շարքը այսքանով չի վերջանար։ Նախարարը նաեւ փոխադրական միջոցի ծախսը կասկածելի կը նկատէ։

Հայրապետեանը նշած է, որ ծրագիրներու ժամանակաւորապէս յետաձգման որոշումը այս ու միւս փաստերու արդիւնքով կայացուած է։ Չէինք կրնար թոյլ տալ, որ  կաշառակերութեան  ամենավերջին դրսեւորումները իրագործուին մեր պաշտօնաւորման օրօք՝ ըսած է նախարարը։

Նախարարը նաեւ տեղեկացուցած է, թէ 2009 թուականէն իրականացուող «Արի տուն» ծրագիրը, որով ամէն տարի հայրենիք կ’այցելեն 13-17 տարեկան հազարաւոր երիտասարդներ, կը միաւորուի «Սփիւռք» ամառային դպրոցին եւ կը ներկայացուի աւելի ընդգրկուն ու աւելի բովանդակային մեծ ծրագիրի մը ձեւով։ Երիտասարդ նախարարը կը խոստանայ նաեւ այս տարի իրականացնել մէկ այլ նոր, մեծ ծրագիր, որու բովանդակութիւնը կը ներկայացուի առաջիկային:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment