Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Սասնայ Ծռեր»ը Յայտարարեցին Զինուած Պայքարի Էջը Փակելու եւ Կառավարութեան Աջակցելու Մասին

«Սասնայ Ծռեր»ը Յայտարարեցին Զինուած Պայքարի Էջը Փակելու եւ Կառավարութեան Աջակցելու Մասին

by MassisPost

Յունիս 5-ին «Սասնայ Ծռեր» խումբի անդամները հանդէս եկան յայտարարութեամբ` զինուած պայքարի էջը փակելու եւ Հայաստանի նոր կառավարութեան աջակցելու մասին:

Յայտարարութեան մէջ ըսուած է-.

«Զինուած ապստամբութեան թիրախը ազգադաւ եւ յանցաւոր ռեժիմն էր։ Զինուած ապստամբութիւնը թէեւ վերջնական արդիւնքի չհասաւ, սակայն կտրեց ռեժիմի կեանքի թելը, սպառեց փամփուշտները, ինչպէս նաեւ վիժեցուց Արցախը, իսկ յետագային՝ նաեւ մեր ինքնիշխանութիւնը օտարին յանձնելու ծրագիրը։

«Անոր շնորհիւ հնարաւորութիւն ստեղծուեցաւ խաղաղ ապստամբութեան՝ քաղաքացիական անհնազանդութեան միջոցով յաղթանակի հասնելու համար։

Զէնքը վար դնելու ժամանակ մենք յայտարարեցինք, որ քայլը ժողովուրդին է։

Երկու տարին չլրացած՝ մեր իմաստուն ու արժանապատիւ ժողովուրդը Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր ընկերներու հմուտ առաջնորդութեամբ ոգի առաւ, միասնացաւ, ոտքի կանգնեցաւ, քայլ առաւ ու հրաշք յաղթանակով շահեցաւ Քաղաքացիական Սարդարապատը։

«Այսօր արդէն հեռացուած է ազգադաւ ու յանցաւոր ռեժիմը, եւ մենք ունինք ժողովուրդի վստահութիւնը վայելող կառավարութիւն։

«Ուստի Սասնայ Ծռերու որդեգրած ազգային-ազատագրական պայքարի այն էջը, որ կը պարտադրէր զինուած ապստամբութեան անհրաժեշտութիւնը, այլեւս փակուած է։

«Պայքարի այս փուլին, քանի դեռ չէ չէզոքացուած վրէժխնդրութեան վտանգը եւ չէ ամրագրուած ժողովուրդի ամբողջական յաղթանակը, մեր կոչումն ու պարտականութիւնը կը համարենք վեր կանգնիլ քաղաքական տարաձայնութիւններէն եւ ըստ ամենայնի աջակցիլ ժողովուրդի վստահութիւնը վայելող Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան պետականաշինութեան եւ ժողովուրդի իշխանութեան ու իրաւունքի գերակայութեան հաստատման բոլոր հարցերուն։

«Մեր բոլոր համակիրներուն եւ աջակիցներուն կոչ կ’ընենք հետեւիլ այս տրամաբանութեան եւ ըստ այդմ  շարունակել ազգային-ազատագրկան պայքարը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment