Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Սարդարապատի Հարիւրամեակը Ուրուկուայի Մէջ

Սարդարապատի Հարիւրամեակը Ուրուկուայի Մէջ

by MassisPost

Հայաստանի հանրապետութիւնը մայիսեան օրերուն ապրեցաւ իր նոր գարունը՝ թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակը եւ  անոր հաստատումը ըլլայ ամենակարեւոր տուրքը Մայիսեան տօներու հարիւրամեակին:

Հազարաւոր քիլոմեթրերով այդ իրողութենէն հեռու, շատ անգամ այդ իրողութիւններուն անհաղորդ, հայապահպանման պայքարի մէջ շատ անգամ պարտուողական, հայ եկեղեցիի, դպրոցի եւ կազմակերպութիւններու խորին տկարութեան մէջ, բայց հեռաւոր Ուրուկուայի մէջ ալ հարիւրամեակի առիթը բաբախեց հայոց սրտերը եւ համախմբեց անոնց:

Ուրուկուայի հայ համայնքը մեծ շուքով տօնեց Սարդարապատի հարիւրամեակը՝ այն գոյամարտը, որ երկար դարերու մաքառումէն ետք թոյլ տուաւ հռչակել հանրապետութիւնը, վերականգնել հայոց պետականութիւնը:

nerganer

Կազմակերպութեամբ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ,  Մարաշի Հայրենակցական Միութեան եւ Հայ Ազգային Կեդրոնի օժանդակութեամբ եւ գաղութի գործող ուժերու մասնակցութեամբ, Մայիսի 25-ին Մոնթէվիտէոյի  Movie  թատրոնի լեփ-լեցուն սրահին մէջ գաղութն իր յարգանքի տուրքը մատուցեց, Սարդարապատի, Փաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսներուն: Սեւակի ըսելով անգամ մը եւս սերունդներն իրենք իրենց ճանչցան Սարդարապատէն: Տեղի ունեցածը սակայն ոչ միայն յարգանքի տուրք էր, այլ գեղարուեստական բարձրորակ ձեռնարկ, որ ոչ միայն կը վերապատմեր պատմական դէպքերը, այլ վայելել կու տար հայ երգն ու պարը:

Տեսաերիզներով ու խօսքով իրարու հետ կապուած երգերով ու պարերով 700  ներկաներու առջեւ հանդէս եկան ՀԱԿ-ի «Գայանէ» պարախումբը Կարինէ Կուլուեանի ղեկավարութեամբ, ՀԲԸՄ-ի «Կռունկ» երգչախումբը, Ալվարօ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ, Երեւան 50 նուագախումբը, ՄՀՄ-ի «Գերմանիկ» պարախումբը, Ռօզա Չաքճեանի ղեկավարութեամբ եւ երիտասարդ երգչուհի Նէկտար Միրակեանը:

Ընդհանուր համադրութիւնը կատարեց բանասէր Յովհաննէս Պոտուքեանը իսկ կազմակերպութեան պատասխանատուութիւնն ստանձնեցին ՌԱՏԻՕ ԱՐԱՔՍԻ ղեկավարներ՝ Տիէկօ Գարամանուկեանը եւ Նոթարուհի Մարիանա Գարամանուկեանը:

Հանդիսութեանը ներկայ էին Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպան Նիկոլայ Սոֆինցքի, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Գ.Տ.  Յակոբ Արք. Գելլենտճեանը,  Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վարդապետ Գենարիոս Լուսարարեանը  եւ  Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Վերապատուելիներ Ռենէ Լեւոնեանը եւ Օպետ Պոյաճեանը:

 ՌԱՏԻՕ ԱՐԱՔՍ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment