Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայ-Վրացական Յարաբերութիւններու Մէջ Չլուծուող Խնդիրներ Չկան». Փաշինեան

«Հայ-Վրացական Յարաբերութիւններու Մէջ Չլուծուող Խնդիրներ Չկան». Փաշինեան

by MassisPost

Հայ-վրացական յարաբերութիւններու մէջ չլուծուող խնդիրներ չկան, որովհետեւ գործօնը` խնդիրներու լուծման տրամադրուածութիւնն է եւ ցանկութիւնը, այսօր Թիֆլիսի մէջ յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Վրաստանի վարչապետ Գիորգի Կվիրիկաշվիլիի հետ առանձնազրոյցէն, ապա ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններէն յետոյ համատեղ մամուլի ասուլիսի մէջ։

«Մեր պատուիրակութիւնը եկած է Թիֆլիս հաւաստելու մեր պատրաստակամութիւնը եղբայրութեան եւ բարեկամութեան մթնոլորտի մէջ քննարկել բոլոր հարցերը։ Մենք համոզուած ենք, որ այս մթնոլորտը եւ տրամադրուածութիւնը կրնայ լրջագոյն զարգացումներ բերել մեր յարաբերութիւններու մէջ եւ ես շատ ուրախ եմ արձանագրելու համար, որ Վրաստանի կառավարութիւնը եւ անձամբ վարչապետը նոյնպիսի տրամադրուածութիւն ունին մեր յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման համար», – ըսած է Փաշինեանը:

Ընդգծելով որ կարեւորագոյն խնդիրը տարածաշրջանային կայունութիւնն է, Փաշինեանը նշած է, որ Վրաստանի վարչապետի հետ միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային կայունութեան, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հարցերու շուրջ։

Նշելով, որ Հայաստանի կայունութիւնն ու ժողովրդավարական զարգացումը անչափ կարեւոր է Վրաստանի համար, Վրաստանի վարչապետը ըսած է, որ այդ պատճառով ալ Վրաստանը մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւէր «բարեկամ Հայաստանի մէջ զարգացող իրադարձութիւններուն»։

«Հայ ժողովուրդը ողջ աշխարհին ցոյց տուաւ միասնութեան եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու նկատմամբ հաւատարմութեան նմուշային օրինակը», – ըսած է Գիորգի Կվիրիկաշվիլին՝ մէկ անգամ եւս հաւաստելով Վրաստանի կառավարութեան եւ անձամբ իր պատրաստակամութիւնը ապագայ արդիւնաւէտ աշխատանքի կապակցութեամբ։

tbilisi-2

tbilisi-3

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment