Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեկնարկած է Լրագրողներու Համահայկական 9-րդ Համաժողով

Մեկնարկած է Լրագրողներու Համահայկական 9-րդ Համաժողով

by MassisPost

media conference-1Սփիւռքի նախարարութեան մէջ մեկնարկած է Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովը:
Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Բաբկէն Տեր Գիրիգորեանը ներկաներուն փոխանցած է նախարար Մխիթար Հայրապետեանի ողջոյնի խօսքը, որու մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Խորհրդանշական էր, որ հենց Հայոց պետականութեան վերակերտման 100-րդ տարեդարձի նախօրէին   սկիզբ առած խաղաղ անհնազանդութեան շարժումը համազգային դրսեւորում ստացաւ: Սփիւռքը թեւ ու թիկունք դարձաւ սիրոյ ու համերաշխութեան յեղափոխութեանը, որը  յաղթեց ողջ հայ ժողովուրդի միասնական կամքով՝ սկզբնաւորելով ազգային զարթօնքի, Հայոց պետականութեան ամրապնդման, երկրի ընդհանուր պատկերը բարձրացնելու նոր փուլ»:

Նախարարը իր խօսքի մէջ վստահութիւն յայտնած էր, որ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու մէջ եւս յեղափոխութիւն կ’իրականանայ՝ նոր մտածողութեամբ, նոր ոճով, սիրոյ ու անկեղծութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու զարգացման նոր տրամաբանութեամբ:

Նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան փոխնախագահ Գայիանէ Առաքելեան, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան:

Այնուհետև համաժողովը իր աշխատանքները շարունակած է 4 նիստերով: Համաժողովի բացմանը մասնակցած են մօտ 70 լրագրողներ Սփիւռքէն, նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

Համաժողովը պիտի ընթանայ նաեւ Մայիս 31-ին եւ Յունիս 1-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment