Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը «Որբ» Երկիր Պիտի Չըլլայ. Սվիտալսկի

Հայաստանը «Որբ» Երկիր Պիտի Չըլլայ. Սվիտալսկի

by MassisPost

ԵՄ–ն պատրաստ է օգնել, եթէ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման համար Հայաստանի իշխանութիւնները օգնութեան նպատակով դիմեն ԵՄ–ին։  Այս մասին 29 Մայիսին «Ազատութիւն ռատիոկայան»-ի հետ զրոյցին յայտնած է Հայաստանի մէջ Եւրամիութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Պյոտր Սվիտալսկին։

«Միջազգային հանրութիւնը՝ ԵՄ–ն ու ՄԱԿ–ը պատրաստ են օգնել։ Եթէ կը յիշէք, նախկին ընտրութեան ժամանակ ֆինանսական օգնութեան 95 տոկոսը ԵՄ–էն ստացուած էր։ Սակայն միշտ չէ, որ խնդիրը ֆինանսական է, կրնան ըլլալ նաեւ վերապատրաստուած մասնագէտներու խնդիր, ԵՄ–ն ամէն պարագային պատրաստ է օգնել»,- նշած է ան։

Մեկնաբանելով ՀՀԿ–ական պատգամաւոր Արմէն Աշոտեանի յայտարարութիւնը, որ ԵՄ ներդրումը անհրաժեշտ ծաւալի չէ եղած՝ Սվիտալսկին ըսած է, որ Հայաստանի աճի ամենակարեւոր ուղղութիւնը պէտք է  ըլլայ ներքին միջոցներու օգտագործումը. «ՀՀ–ի մէջ փոփոխութեան հիմնական առանցքը պէտք է ըլլայ հայ ժողովուրդը, անոր ներուժը, անոնց գումարը, եւ սովորաբար արտաքին օգնութիւնը միայն մէկ կաթիլ կ’ըլլայ տնտեսական զարգացման գործին մէջ։ Մենք կ’օգնենք թիրախային ուղղութիւններով, բայց իրական աճը պէտք է երկրի ներդրում տեղի ունենայ»։

Սվիտալսկին համոզուած է՝ Հայաստանը չէ եղած եւ երբեք պիտի չըլլայ «որբ» պետութիւն, որ միշտ աջակցութեան կարիք ունի, միշտ կախուածութիւն ունի արտաքին օգնութենէն։

ԵՄ դեսպանը շեշտած է, որ Հայաստանի առաւելութիւնը այն է, որ ան չի վախնար արտաքին աշխարհին նայիլ եւ շահաւէտ համագործակցութիւն քաղել անկէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment