Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ցուցարարները կը Շարունակեն Պահանջել Գլխաւոր Դատախազ Արթուր Դաւթեանի Հրաժարականը

Ցուցարարները կը Շարունակեն Պահանջել Գլխաւոր Դատախազ Արթուր Դաւթեանի Հրաժարականը

by MassisPost

Խումբ մը քաղաքացիներ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանի հրաժարականի պահանջով բողոքի ցոյցեր իրականացուցած են անոր աշխատավայրի առջեւ։ Ընդդիմադիր «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան ղեկավար Զարուհի Փոսթանճեանի պնդմամբ՝ գլխաւոր դատախազը իր անգործութեամբ տարիներ շարունակ հովանաւորած է յանցագործները եւ յեղափոխութենէն ետք տեղ չունի պետական համակարգի մէջ։

Արթուր Դաւթեանը գլխաւոր դատախազ ընտրուած էր 2 տարի առաջ, պատգամաւորներու փակ գաղտնի քուէարկութեան որպէս արդիւնք։ Ըստ Սահմանադրութեան, դատախազութիւնը ինքնավար մարմին է, եւ անկախ հանգամանքէ, որ իշխանութիւնը փոխուած է, Դաւթեանը կրնայ պաշտօնավարել մինչեւ 2022 թուականը։ «Ազատութեան» հարցման ի պատասխան՝ գլխաւոր դատախազը մօտ տասը օր առաջ յայտարարած է, թէ  հրաժարական պիտի չտայ: Ցուցարարները պնդած էին, թէ գլխաւոր դատախազը միացած է նախկին իշխանութիւններուն, ու մեծ է վտանգը, որ ան շարունակէ աջակցիլ հանրապետականներուն։

Քաղբանտարկեալներու առկայութիւնը հերքող պաշտօնեան օր առաջ պէտք է հեռանայ իրաւապահ համակարգէն, ըսած է քաղաքացիական ակդիւիստ Վարդգէս Գասպարին, յիշեցնելով գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանի՝ շաբաթներ առաջ խորհրդարանի մէջ ըրած յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանի մէջ քաղբանտարկեալներ չկան։ Գասպարին պնդած է, որ դատախազի ապօրինի գործողութիւններու որպէս արդիւնք բազմաթիւ անմեղ մարդիկ կը շարունակեն մնալ անազատութեան մէջ։

«Նա անգործութիւն է ցուցաբերել բազմաթիւ դէպքերում՝ 1 մարտի բացայայտումներ եւ այլն: Անհիմն մեղադրանքներով մարդկանց է դատապարտել ազատազրկման: Ինքը քաղաքական պատուէրով մարդկանց է դատապարտել, այնուհետեւ ասում է՝ այդպիսի բան չի արել: Ուղղակիօրէն ստում է»,- ըսած է Գասպարին:

Գլխաւոր դատախազի հրաժարականի պահանջին միացած ցուցարար Արմէն Մինասեանն ալ ըսած է՝ հանրապետական պատգամաւորները իրենց գործողութիւններով ու յայտարարութիւններով ոտնահարած են մարդու հիմնական իրաւունքները, մինչդեռ Արթուր Դաւթեանը, աչք փակելով, ընթացք չէ տուած անոնց։

Ցուցարարները Հանրապետական կուսակցութեան շարք մը բարձաստիճան ներկայացուցիչներու վերաբերեալ յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած են դատախազութեան։ Մասնաւորապէս, Տարօն Մարգարեանի, Սերժ Սարգսեանի անունները հնչած են: Դատախազութեան աշխատակազմի ղեկավարը մօտեցած է ցուցարարներուն եւ տեղեկացուցած, որ Արթուր Դաւթեանը 3 օրով գործուղման մեկնած է եւ վերադառնալուն պէս կը լսէ անոնց բողոքը։

Դատախազութեան մասին օրէնքի համաձայն, Արթուր Դաւթեանի լիազօրութիւնները կրնան կասեցուիլ, եթէ ան դատապարտուած է յանցագործութեան համար կամ կատարած է օրէնքի կամ դատախազի վարքագիծի այնպիսի խախտում, որ վարկաբեկած է դատախազութեան հեղինակութիւնը։ Այդ պարագային ԱԺ-ն փակ գաղտնի քուէարկութեամբ, ձայներու առնուազն երեք հինգերորդի, այսինքն՝ 65 պատգամաւորի կողմ ձայներով, կրնայ ընտրել նոր գլխաւոր դատախազ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment