Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարար․ Հայաստանը իր Պատմութեան Շրջադարձային Փուլի Մէջ է

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարար․ Հայաստանը իր Պատմութեան Շրջադարձային Փուլի Մէջ է

by MassisPost

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իւ Լը Տրիանը Երեւանի մէջ յայտարարած է, որ Ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցում ո՛չ հաստատուած սահմանը, ո՛չ ուժի կիրառումը ընդունելի չեն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ համատեղ յայտարարութեան ժամանակ ան Ղարաբաղի հարցին այլեւս չանդրադարձաւ, փոխարէնը յայտարարեց, որ հպարտ է՝ ինքը առաջին արտաքին գործոց նախարարն է, որ կ’այցելէ նոր Հայաստան եւ կը հանդիպի Հայաստանի նոր ղեկավարներու հետ։

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը Հայաստանի իր պաշտօնակից Զօհրապ Մնացականեանի հետ համատեղ ասուլիսին յայտարարեց, որ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները պէտք է ա՛լ աւելի խորանան։

Նախարարները խօսած են այս աշնան Երեւանի մէջ իրականցուելիք գագաթնաժողովի մասին։ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ սա շատ կարեւոր իրադարձութիւն է․ – «Նախագահ Մաքրոնի պաշտօնական այցը Հայաստան շատ կարեւոր իրադարձութիւն պիտի ըլլլայ մեր երկու երկրներու համար: Մենք միասին պէտք է նախապատրաստենք այն ամէնը, ինչ կրնայ աւելի մեծ իմաստ եւ ուժ հաղորդել այս այցին։ Ֆրանկոֆոնիայի համաժողովը նոյնպէս կարեւոր իրադարձութիւն է, մեծ թիւով պատուիրակութիւններ պիտի այցելեն Հայաստան»:

Տեղի ունեցած է նաեւ Զարգացման ֆրանսական գործակալութեան եւ Տնտեսական համագործակցութեան համար խթանման եւ մասնակցութեան ընկերութեան (Պրոպարկո)՝ Հայաստանի մէջ հաստատման եւ գործունէութեան մասին համաձայնագիրի ստորագրման արարողութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment