Հայաստանէն հեռանալէ ետք Ինսթակրամի (Instagram) իր էջի վրայ գրառում կատարած է յայտնի բրիտանացի երգիչ Էլթոն Ճոն. «Հայաստանի մէջ շատ յուզիչ եւ ոգեշնչող փոփոխութիւններ տեղի կ’ունենան»:
Հրապարակելով Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ լուսանկարը՝ երաժիշտը գրած է. «Մեծ պատիւ է նման ջերմ հիւրընկալութեան արժանանալ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ: Այս հրաշալի երկրի մէջ շատ յուզիչ ու ոգեշնչող փոփոխութիւններ տեղի կ’ունենան: Շնորհակալ եմ բոլորին` Տեւիտին եւ զիս այս ձեւով ընդունելու համար»:
Հրապարակելով մէկ այլ նկար, որու մէջ ան գրկախառնուած է լսողական խնդիր ունեցող հայ տղայի հետ, Էլթոն Ճոնը գրած է. «Անհնար է նկարագրել այն ուրախութիւնը, որ կը զգաս՝ տեսնելով, թէ ինչպէս մարդն առաջին անգամ բնական կը լսէ: Այս տղայի մօտ յաջողութեամբ լսողական սարքեր տեղադրուած են Starkey Hearing Technologies հիմնադրամի հրաշալի խումբի կողմէ: Այս հիանալի բարեգործական հիմնադրամը ողջ աշխարհի մէջ մարդոց կու տայ լսելու շնորհը: Ես եւ Տեւիտն այնքան հպարտ ենք անոնց աջակցելու համար»:
Մէկ այլ նկարի մէջ պատկերուած է Արարատ լեռը, որու մասին Ֆըրնիշը գրած է. «Հայաստանի մէջ մայրամուտի ժամանակ՝ դիտելով Արարատ լերան չնաշխարհիկ գեղեցկութիւնը»: