Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մայիսեան Հերոսամարտերուն Եւ Առաջին Հանրապետութեան 100-Ամեակին Առթիւ

Մայիսեան Հերոսամարտերուն Եւ Առաջին Հանրապետութեան 100-Ամեակին Առթիւ

by MassisPost

1918-ի Մայիս ամսուն, Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած հայ ժողովուրդի  բեկորները մահ ու կենաց  կռիւներ մղեցին թրքական ներխուժող բանակներուն  դէմ, որոնք հասած էին Երեւանի դռները, սպառնալով բնաջինջ ընել հայութեան մնացորդացը:

Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ հայկական զօրքերը  հերոսական դիմադրութեամբ ոչ միայն կասեցուցին թշնամի յառաջխաղացքը այլ, հակայարձակումի անցնելով  յաջողեցան ազատագրել հայրենի հողերու մէկ կարեւոր մասը եւ պարտադրել թրքական զօրքերուն դիմելու փախուստի:

Այդ բախտորոշ օրերուն Հայ ժողովուրդը ցուցաբերեց ազգային միասնականութեան գերազանց ոգի, որու  արդիւնքը եղաւ այն, որ 600 տարիներու ստրկութենէ ետք հայութիւնը վերականգնեց իր պետականութիւն` իր պատմական հողերու մէկ մասին վրայ:

Այս օրերուն ազգովին կը նշենք Մայիսեան Հերոսամարտերուն եւ  առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակները` Հայաստանի մէջ պետական մաշտաբով, իսկ սփիւռքի տարածքին աւանդական կուսակցութիւններու աննախադէպ համագործակցութեամբ: Աննախադէպ կ’ըսենք, քանի որ անցնող տասնամեակներուն Հայաստանի առաջին հանրապետութեան  տօնակատարութիւնները չէին արժանացած միասնական ընկալման: 1918-ի  Մայիսի 28-ին հռչակուած անկախութեան թուականը տասնամեակներ շարունակ եղած է ամենէն խնդրայարոյց հարցը  ու սփիւռքի մէջ  գոյութիւն ունեցած պառակտումներու գլխաւոր ազդակներէն մին:  Այսօր յաղթահարուած են  վերապահութիւնները, քանդուած են արհեստական պատնէշները  եւ ըստ արժանւոյն կը նշենք մեր պատմութեան մէջ անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցող այս  տօները, որոնց շնորհիւ մեր ժողովուրդը կարողացաւ վերապրիլ, գոյատեւել ու կառուցել իր երկիրը` հասնելու համար այսօրուայ նորանկախ Հայաստանի իրականութեան:

Խիստ դժուարին պայմաններու տակ ծնունդ առած Առաջին  Հանրապետութիւնը ունեցաւ երկու տարուայ կարճատեւ կեանք մը, որու գնահատականն ու արժեւորումը կատարած են պատմաբանները ու տակաւին կը շարունակեն կատարել մինչեւ այսօր: Անոր յաջորդած Խորհրդային Հայաստանը իր 70 ամեայ գոյութեան ընթացքին, հակառակ իր բազում թերութիւններուն, Հայ ժողովուրդին պարգեւեց խաղաղութեան եւ ապահովութեան շրջան մը,  որոնց շնորհիւ  ան կարողացաւ ապրիլ զարթօնքի շրջան մը յատկապէս մշակոյթի, գրականութեան, բարձր արուեստի ու շինարարութեան  բնագաւառներէն ներս, որոնց շարքին էր նաեւ 1968 թուականին կառուցուած Սարդարապատի հերոսամարտի յուշակոթողն ու համալիրը:

1991 թուականի Սեպտեմբերին, Խորհրդային Միութեան լուծարումէն ետք ծնունդ առած երրորդ եւ նորանկախ Հայաստանը շարունակութիւնն է նախորդ երկուքին: Այժմ, մեր ուշադրութիւնը պէտք է  կեդրոնանայ այսօրուայ Հայաստանին վրայ: Անոր հզօրացումը ու ժողովուրդի բարգաւաճումը միակ գրաւականն է մեր ազգի  գոյութեան եւ յառաջդիմութեան:

Ինչպէս անցեալ դարասկիզբին, այսօր եւս Հայաստանի նկատմամբ թրքական թշնամական վերաբերմունքը  կը շարունակուի`  փակելով  երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը ու նաեւ քաջալերելով Պաքուի իր ազգակիցներուն մնայուն պատերազմական վիճակի մէջ պահելու մեր երկրի սահմանները:

Սարդարապատի ոգին  վերընձուղուեցաւ նաեւ  Արցախեան  ազատամարտի դաշտերուն վրայ ու  հայ ժողովուրդը կարողացաւ ազատագրել նաեւ իր հայրենիքէն մաս մը եւս:

Վերջին հարիւրամեակի ընթացքին Մայիս ամիսը Հայ ժողովուրդին համար հանդիսացաւ  յաղթանակներու ամիս:  Սարդարապատեան ճակատամարտներու յաղթանակները, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հռչակումը, Շուշիի ազատագրումը, բոլորն ալ իրականացած են Մայիս  ամիսներու ընթացքին: Այս տարուայ Մայիս ամիսը եւս նշանաւորուեցաւ`    Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային խաղաղ յեղափոխութեան յաղթանակով:

Այսօր, ՆՈՐ Հայաստանի հովանիին տակ  ազգովին կը նշենք Մայիսեան հերոսամարտերուն եւ Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը` ապագային նկատմամբ համընդհանուր լաւատեսութեան ու  վստահութեան մթնոլորտի մը ներքեւ, որ մեր ազգին կը խոստանայ նորանոր  ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment