Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Շատ Յուզիչ ու Ոգեշնչող Փոփոխութիւններ Տեղի Կ’ունենան. Էլթոն Ճոն

Հայաստանի Մէջ Շատ Յուզիչ ու Ոգեշնչող Փոփոխութիւններ Տեղի Կ’ունենան. Էլթոն Ճոն

by MassisPost

Հայաստանէն հեռանալէ ետք Ինսթակրամի (Instagram) իր էջի վրայ գրառում կատարած է յայտնի բրիտանացի երգիչ Էլթոն Ճոն. «Հայաստանի մէջ շատ յուզիչ եւ ոգեշնչող փոփոխութիւններ տեղի կ’ունենան»:

Հրապարակելով Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ լուսանկարը՝ երաժիշտը գրած է. «Մեծ պատիւ է նման ջերմ հիւրընկալութեան արժանանալ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ: Այս հրաշալի երկրի մէջ շատ յուզիչ ու ոգեշնչող փոփոխութիւններ տեղի կ’ունենան: Շնորհակալ եմ բոլորին` Տեւիտին եւ զիս այս ձեւով ընդունելու համար»:

Հրապարակելով մէկ այլ նկար, որու մէջ ան գրկախառնուած է լսողական խնդիր ունեցող հայ տղայի հետ, Էլթոն Ճոնը գրած է. «Անհնար է նկարագրել այն ուրախութիւնը, որ կը զգաս՝ տեսնելով, թէ ինչպէս մարդն առաջին անգամ բնական կը լսէ: Այս տղայի մօտ յաջողութեամբ լսողական սարքեր տեղադրուած են Starkey Hearing Technologies հիմնադրամի հրաշալի խումբի կողմէ: Այս հիանալի բարեգործական հիմնադրամը ողջ աշխարհի մէջ մարդոց կու տայ լսելու շնորհը: Ես եւ Տեւիտն այնքան հպարտ ենք անոնց աջակցելու համար»:

Մէկ այլ նկարի մէջ պատկերուած է Արարատ լեռը, որու մասին Ֆըրնիշը գրած է. «Հայաստանի մէջ մայրամուտի ժամանակ՝ դիտելով Արարատ լերան չնաշխարհիկ գեղեցկութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment